Նախագահ Սերժ Սարգսեան Վարշաւայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հ.Հ. նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Հ.Հ. նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող բոլոր հարցերուն մէջ Ֆրանսուա Օլանտի հետեւողական աջակցութեան եւ կարեւոր դերակատարման համար՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ իրապէս կը հպարտանան Ֆրանսայի հետ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ ունենալու իրողութեամբ:
Նախագահը գոհունակութեամբ փաստած է, որ հայ-ֆրանսական տնտեսական համագործակցութիւնը տարիներու ընթացքին նկատելիօրէն ընդլայնուած է։ Ե.Մ. երկիրներու շարքին Ֆրանսա կը շարունակէ մնալ Հայաստանի մէջ ներդրումներու ծաւալով առաջատար դիրք զբաղեցնող երկիրներէն մէկը:
Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է վերջերս Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծի ընդունման համար, որուն մէջ մեծ է նախագահ Օլանտի անձնական ներդրումը:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին: Հ.Հ. նախագահը կարեւոր համարած է Ֆրանսայի` որպէս Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահող երկիրներէն մէկուն, աշխոյժ դերակատարութիւնը բանակցային ճանապարհով հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործին եւ շնորհակալութիւն յայտնած նախագահ Օլանտին նաեւ անձնական ջանքերու հետեւողական ներդրումին համար: