Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­յաս­տա­նի եւ ­Ռու­սիոյ մի­ջեւ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան միջ-կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­մա­նա­խա­գահ­ներ՝ ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի եւ ­Ռու­սիոյ փո­խադ­րու­թեան նա­խա­րար ­Մաք­սիմ ­Սո­քո­լո­վի գլխա­ւո­րու­թեամբ, Ս. ­Փե­

թերս­պուր­կի ­Քոնս­թան­թի­նո­վեան պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Ռու­սիոյ մի­ջեւ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան միջ-կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի 17րդ ­նիս­տը:

Ան­կէ ետք ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ, հայ­կա­կան կող­մի հա­մա­նա­խա­գահ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան եւ ­Ռու­սիոյ փո­խադ­րու­թեան նա­խա­րար, ռու­սա­կան կող­մի հա­մա­նա­խա­գահ ­Մաք­սիմ ­Սո­քո­լով այս ա­ռի­թով տո­ւած են մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցու­ցած են ժո­ղո­վին ար­դիւնք­նե­րը։ ­Վար­չա­պետ Աբ­րա­հա­մեան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, թէ ստո­րագ­րած են նիս­տին ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը, որ կ­՛ամ­փո­փէ նա­խորդ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին յանձ­նա­ժո­ղո­վին կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը եւ սահ­մա­նած մօ­տիկ ա­պա­գա­յին երկ­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը:

«Այ­սօ­րո­ւայ նիս­տում քննար­կո­ւե­ցին է­կո­նո­մի­կա­յի, է­ներ­գե­տի­կա­յի, տրանս­պոր­տի, ի­րա­ւա­պայ­մա­նագ­րա­յին դաշ­տի, հու­մա­նի­տար հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, կրթու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րին առն­չո­ւող հար­ցեր: ­Յա­տուկ ընդգ­ծո­ւեց ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­լոր­տում ար­ձա­նագ­րո­ւած դրա­կան տե­ղա­շար­ժը, ո­րի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնն ա­պա­հո­վե­լու հա­մար պէտք է օգ­տա­գոր­ծենք մեր ողջ նե­րու­ժը»,- դի­տել տո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը։

Իր կար­գին նա­խա­րար ­Սո­քո­լով յայտ­նած է, որ այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ­Ռու­սիոյ եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ա­ռեւտ­րաշր­ջա­նա­ռու­թիւ­նը ա­ւել­ցած է 10 տո­կո­սով՝ հաս­նե­լով 450 մի­լիոն տո­լա­րի, հայ­կա­կան ապ­րանք­նե­րու ­Ռու­սիա ար­տա­ծու­մը ա­ւել­ցած է քա­նի մը ան­գա­մով՝ անց­նե­լով 125 մի­լիոն տո­լա­րի սահ­մա­նը։ Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ ակն­յայտ է, որ, հա­կա­ռակ ար­տա­քին տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան լա­րո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին, ­Ռու­սիա ե­ղած է ու կը շա­րու­նա­կէ մնալ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռեւտ­րա­կան հիմ­նա­կան գոր­ծըն­կե­րը:

«­Մենք ամ­փո­փե­ցինք միջ-կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խորդ ո­րո­շում­նե­րը, ո­րոնք քիչ չեն, 16րդ ­նիս­տի ար­ձա­նագ­րու­թեան մէջ կան գրե­թէ 60 կէտ, ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցած է, ինչ որ յա­ւե­լեալ ազ­դակ կը հա­ղոր­դէ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն: Այդ­պէ՛ս, պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն ձեռք բե­րո­ւած է մա­տա­կա­րա­րո­ւող ռու­սա­կան կա­զի գի­նի նո­ւա­զեց­ման, ­Հա­յաս­տա­նին ա­ռանց տուր­քե­րու նաւ­թամ­թերք­նե­րու ա­պա­հով­ման ա­ռու­մով, լու­ծո­ւած են ­Վե­րին ­Լար­սի ան­ցա­կէ­տին մէջ յա­տուկ ու­ղե­գի­ծի յատ­կաց­ման կազ­մա­կերպ­ման հար­ցե­րը, կա­յա­ցած է ոուս-հայ­կա­կան միջ-տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին 4րդ ­ֆո­րու­մը,

­Հա­յաս­տա­նի մէջ ստեղ­ծո­ւած է հայ-ռու­սա­կան մար­դա­սի­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­րագ ար­ձա­գանգ­ման կեդ­րոն: Ի հար­կէ կեան­քը կը շա­րու­նա­կո­ւի, մենք ու­նինք նոր ա­ռա­ջադ­րանք­ներ, տա­կա­ւին նոր ստո­րագ­րե­ցինք միջ-կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի 17րդ ­նիս­տի ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը, ո­րով շարք մը յանձ­նա­րա­րա­կան­ներ տրո­ւած են հա­մա­պա­տաս­խան կող­մե­րու գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րուն, եւ ի հար­կէ այդ յանձ­նա­րա­րա­կան­նե­րու կա­տար­ման ըն­թաց­քին յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն պի­տի դարձ­նեն եւ ա­նոնց վե­րահս­կեն յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը»,- ը­սած է ­Ռու­սիոյ փո­խադ­րու­թեան նա­խա­րա­րը։