Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան նոր նշա­նա­կում­ներ կա­տա­րած է պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մին մէջ:

­Նա­խա­գա­հին հրա­մա­նա­գի­րով գնդա­պետ ­Վա­լե­րիկ ­Քո­չա­րեան նշա­նա­կո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան չոր­րորդ բա­նա­

կա­յին կոր­պու­սի հրա­մա­նա­տար: ­Մէկ այլ հրա­մա­նա­գի­րով՝ գնդա­պետ ­Դա­ւիթ ­Մա­նու­կեան նշա­նա­կո­ւած է Հ.Հ. Պ.Ն. երկ­րորդ բա­նա­կա­յին կոր­պու­սի հրա­մա­նա­տար:

­Նա­խա­գա­հի հրա­մա­նա­գի­րով՝ գնդա­պետ Գ­րի­գո­րի ­Խա­չա­տու­րով նշա­նա­կո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եր­րորդ բա­նա­կա­յին կոր­պու­սի հրա­մա­նա­տար:

Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կի վրայ եւս ե­ղած են նոր նշա­նա­կում­ներ, ո­րոնց շար­քին՝ զօ­րա­վար ­Պօ­ղոս ­Պօ­ղո­սեան նշա­նա­կո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նո­ւած ու­ժե­րու սպա­ռա­զի­նու­թեան վար­չու­թեան պետ: