Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՆա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ըն­դու­նեց ­Հա­յաս­տա­նի մօտ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Իոան­նիս ­Տա­յի­սին, որ ա­ւար­տած է իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ:

 

 

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց դես­պան ­Տա­յի­սին՝ հայ-յու­նա­կան ա­ւան­դա­կան բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման գոր­ծով ա­նոր ու­նե­ցած անձ­նա­կան ներդր­ման հա­մար, ո­րու շնոր­հիւ, ըստ նա­խա­գա­հին, միջ-պե­տա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ընդ­լայ­նո­ւած է երկ­կողմ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րու մէջ: ­

Սերժ ­Սարգ­սեան նշեց, որ ­Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նի շուրջ քա­ռա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ գրան­ցո­ւած ա­ռա­ջըն­թա­ցը եւ այդ նպա­տա­կով Իոան­նիս ­Տա­յի­սի ներդ­րած ջան­քե­րը բարձր կը գնա­հա­տուին թէ՛ Հ.Հ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու, թէ՛ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ:

­Նա­խա­գա­հը յոյս յայտ­նեց, որ մեր երկ­րին մէջ ­Յու­նաս­տա­նի յա­ջորդ դես­պա­նը նոյն նո­ւի­րու­մով ու ե­ռան­դով պի­տի շա­րու­նա­կէ զար­գաց­նե­լու եր­կու բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք դա­րե­րու պատ­մու­թիւն ու­նին: ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ընդգ­ծեց, որ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. նո­րան­շա­նակ դես­պա­նին նոյն ակն­կա­լիք­նե­րով եւ յանձ­նա­րա­րա­կան­նե­րով գոր­ծու­ղած է Ա­թէնք:

­Դես­պան ­Տա­յիս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հ.Հ. նա­խա­գա­հին՝ իր գոր­ծու­նէու­թեան տո­ւած բարձր գնա­հա­տա­կա­նին, ջերմ խօս­քե­րուն եւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ պաշ­տօ­նա­վար­ման ամ­բողջ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին ի­րեն ցու­ցա­բե­րո­ւած օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար:

­Դես­պա­նը նշեց, որ ան­ցած շուրջ չորս տա­րի­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ մշտա­պէս շատ ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քի ար­ժա­նա­ցած է, ո­րուն հա­մար ե­րախ­տա­պարտ է եւ վստահ է, որ ա­տի­կա հա­յեւ­յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու փո­խա­դարձ ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քին ար­տա­յայ­տու­թիւնն է: Իոան­նիս ­Տա­յիս վստա­հե­ցուց, որ ­Հա­յաս­տա­նէն մեկ­նե­լէն ետք ալ պի­տի շա­րու­նա­կէ մեր եր­կի­րը եւ ա­նոր հետ կա­պո­ւած ջերմ յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը պա­հել իր սիր­տին մէջ՝ մնա­լով ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րե­կա­մը: