Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­­altՅու­լի­սի 1ին, Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­­Յա­կո­բեան ըն­դու­նեց ­­Պոլ­սոյ հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­­Վեր. Գ­րի­գոր Ա­ղա­բա­լօղ­լուն եւ ա­նոր գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, ո­րու կազ­մին մէջ էին ­­Պոլ­սոյ «Ար­մէն» ճամ­բա­րի (­­Քեմփ Ար­մէն) շի­նա­

րա­րա­կան-վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը՝ ճար­տա­րա­գէտ ­­Նա­զա­րէթ ­­Բի­նաթ­լը, ճար­տա­րա­պետ­ներ Ա­լին ­­Փոն­թիօղ­լու, ­­Ժան ­­Գաւ­րի­լով, «Հ­րանդ ­­Տինք» ­­Հիմ­նադ­րա­մի պա­տաս­խա­նա­տու աշ­խա­տող ­­Դե­լալ ­­Տինք (Հ­րանդ ­­Տին­քի դուստ­րը), բա­րե­րար­ներ ­­Յա­րութ եւ ­­Դա­լար ­­Խո­րո­զօղ­լու­ներ:

­­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կ­­՚ու­ղեկ­ցէին Ա­մե­րի­կա­յի ­­Հայ Ա­ւե­տա­րան­չա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան ­­Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­­Յա­րութ ­­Ներ­սէ­սեան եւ ­­Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւագ հո­վի­ւի օգ­նա­կան ­­Վեր. ­­Յով­հան­նէս ­­Յով­սէ­փեան:

Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը՝ նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­­Յա­կո­բեան ի դէմս ա­նոնց ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց ամ­բողջ պոլ­սա­հա­յու­թեան՝ ի­րենց ազ­գա­յին ինք­նու­թեա­նը հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու եւ հա­յօ­րէն ապ­րե­լու օ­րի­նակ ծա­ռա­յե­լու հա­մար: ­­Ներ­կա­յաց­նե­լով պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն՝ ­­Վեր. Գ­րի­գոր Ա­ղա­բա­լօղ­լու տե­ղե­կա­ցուց, որ ­­Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լու հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րէն մէ­կը վեր­ջերս մեծ ջան­քե­րու գնով ­­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն ետ ստա­ցո­ւած «Ար­մէն» որ­բա­նոց-ճամ­բա­րի վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար հե­տաքր­քիր գա­ղա­փար­ներ եւ լու­ծում­ներ գտնե­լու ցան­կու­թիւնն է:

Ինչ­պէս նշեց ­­Վե­րա­պա­տո­ւե­լին՝ ի­րենց ե­րա­զանքն է, որ նա­խա­տե­սո­ւող շի­նու­թիւ­նը լա­ւա­գոյնս ծա­ռա­յէ հայ ե­րե­խա­նե­րու կրթու­թեան եւ դաս­տիա­րա­կու­թեան գոր­ծին: ­­Նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­­Յա­կո­բեան հա­ւա­նու­թիւն տո­ւաւ ա­նոնց տե­սա­կէ­տին՝ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­լով ա­ջակ­ցե­լու «ԹՈՒՄՕ»ի հիմ­նա­դիր­նե­րու եւ գոր­ծա­դիր ղե­կա­վար­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու հար­ցով: Ան մաղ­թեց, որ ա­պա­գայ ճամ­բարն ի­րա­պէս դառ­նայ գի­տե­լի­քի, հա­յոց լե­զո­ւի եւ հո­գե­ւոր հա­ւատ­քի կեդ­րոն: