Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՅու­լիս 6ին, ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­վար­նե­րու խմբակ­ցու­թեան մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր մը կնքո­ւե­ցաւ։

 

 

­Հա­մա­ձայ­նու­թեան կնքու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, նշեալ խմբակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Ճիան­նի ­Փի­թել­լա յայ­տա­րա­րեց.- «­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան այս հա­մա­ձայ­նա­գի­րին ստո­րագ­րու­թիւ­նը կը յստա­կաց­նէ, թէ ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րու եւ ժո­ղովրդա­վար­նե­րու խմբակ­ցու­թիւ­նը լրջու­թեամբ կը մօ­տե­նայ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան դրա­ցի եր­կիր­նե­րէն ներս գոր­ծող քա­ղա­քա­կան քոյր կու­սակ­ցու­թեան հետ սերտ կա­պեր հաս­տա­տե­լու ար­շա­ւին։

Վստահ եմ, որ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը եւ այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը վեր­ջերս իբ­րեւ դէտ մաս կազ­մած է Եւ­րո­պա­ցի Ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րու ­Կու­սակ­ցու­թեան, պի­տի զօ­րաց­նէ մեր դիր­քը, յա­ռա­ջի­կայ տա­րո­ւան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։

Սա­կայն ա­ւե­լի կա­րե­ւո­րը այն է, որ մենք այս մի­ջո­ցաւ պի­տի կա­րե­նանք նպաս­տել Եւ­րո­պա­յի մէջ ըն­կեր­վար-ժո­ղովր­դա­վար ըն­տա­նի­քը հզօ­րաց­նե­լու ջան­քե­րուն, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ դէմ դնել ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան, ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան, ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան եւ այլ մղում­նե­րու, ո­րոնք կը տկա­րաց­նեն ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րը։ Ա­զատ, ան­կախ, միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ձեր նշա­նա­բա­նին խնդրեմ միա­ցու­ցէք նաեւ յա­ռաջ­դի­մա­կա­նը»։

Ն­ման յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րեց նաեւ ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­վար­նե­րու խմբակ­ցու­թեան փոխ-նա­խա­գահ եւ ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց պա­տաս­խա­նա­տու Ք­նութ Ֆ­լե­քընշ­թայն՝ շեշ­տե­լով յատ­կա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան եւ խտրա­կա­նու­թեանց դէմ պայ­քա­րին մէջ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս հի­մա, երբ ա­նի­կա մաս կը կազ­մէ կա­ռա­վա­րու­թեան։