Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է պե­տա­կան եւ ոչ-պե­տա­կան բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու 2016-2017 ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան առ­կայ ու­սուց­ման ըն­դու­նե­լու­թեան հան­րա­պե­տա­կան ըն­դու­նող յանձ­նա­ժո­ղո­վի ա­ռա­ջին նիս­տը, զոր վա­րած է յանձ­

նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ նա­խա­րար ­Լե­ւոն Մկրտ­չեան: Անդ­րա­դառ­նա­լով միաս­նա­կան քննու­թիւն­նե­րու ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին` կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րը նշած է, որ ար­դիւնք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ պէտք է կա­տա­րո­ւի վեր­լու­ծու­թիւն.- «­Մենք պէտք է քննար­կենք ա­ռանձ­նա­ցո­ւած ա­ւագ դպրոց­նե­րու, հա­մալ­սա­րան­նե­րուն կից վար­ժա­րան­նե­րու եւ միջ­նա­կարգ դպրոց­նե­րու միաս­նա­կան քննու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը:

­Մե­զի հա­մար շատ կա­րե­ւոր է հասկը­նալ, թէ ո՛ր դպրոց­նե­րու շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ա­ւե­լի բարձր նի­շեր ա­պա­հո­վեր են, որ­պէս­զի ա­տի­կա կա­րե­նանք օգ­տա­գոր­ծել հան­րակր­թու­թեան մար­զին մէջ հե­տա­գայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հիմ­քը դնե­լու մէջ»,- նշած է նա­խա­րա­րը եւ ա­ւել­ցու­ցած.- «­Մենք ու­նինք մաս­նա­գի­տու­թիւն­ներ եւ մաս­նա­գի­տա­ցում­ներ, ո­րոնք չեն հա­մալ­րո­ւիր` աշ­խա­տա­շու­կա­յին կող­մէ այ­սօր պա­հան­ջո­ւած չըլ­լա­լու պատ­ճա­ռով: ­Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ կրթու­թիւնն ու գի­տու­թիւ­նը ծա­ռա­յեն սոսկ աշ­խա­տա­շու­կա­յի պա­հանջ­նե­րու սպա­սարկ­ման: ­Մենք ու­նինք մաս­նա­գի­տա­կան կա­րե­ւոր ուղ­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց ինք­նա­պահ­պա­նու­մը ինք­նին ար­ժէք է»,- նշած է նա­խա­րար ­Լե­ւոն Մկրտ­չեան եւ հա­մալ­սա­րան­նե­րու տե­սուչ­նե­րուն յանձ­նա­րա­րած է ներ­կա­յաց­նել ցան­կը պե­տա­կան հո­գա­ծու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն ու­նե­ցող այն մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք կա­րե­ւո­րո­ւած են` ինչ­պէս հե­ռան­կա­րա­յին զար­գաց­ման, այն­պէս ալ մաս­նա­գի­տա­կան դպրո­ցի պահ­պան­ման ա­ռում­նե­րով:

­Նա­խա­րա­րը ա­ռա­ջար­կած է տե­սուչ­նե­րու խոր­հուր­դի յա­ռա­ջի­կայ նիս­տե­րէն մէ­կուն քննարկ­ման դնել այդ ա­ռա­ջարկ­նե­րը, հա­շո­ւի առ­նե­լով այն հան­գա­ման­քը, որ բարձ­րա­գոյն եւ յետ-հա­մալ­սա­րա­նա­կան կրթու­թեան մա­սին նոր օ­րէն­քի նա­խա­գի­ծը ար­դէն թե­ւա­կո­խած է քննար­կում­նե­րու փու­լը: ­Նիս­տի ըն­թաց­քին տե­սուչ­նե­րը մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած են ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մա­կար­գի շարք մը խնդիր­նե­րու առն­չու­թեամբ` շեշ­տե­լով, որ դի­մող­նե­րու քա­նա­կի ընդ­հա­նուր նո­ւա­զու­մը իր անդ­րա­դար­ձը կ­՛ու­նե­նայ հա­մալ­սա­րան­նե­րու ֆի­նան­սա­կան կա­յու­նու­թեան, զար­գաց­ման հե­ռան­կա­րի եւ կրթու­թեան ո­րա­կին վրայ: