Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­ւա­քա­կան Անվ­տան­գու­թեան ­Պայ­մա­նա­գի­րի ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան (Հ.Ա.Պ.Կ.) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու խոր­հուր­դի նիս­տին մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով՝ ար­դէն Ե­րե­ւան կը գտնո­ւի ­Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Սեր­կէյ ­Լաւ­րով

, որ 4 ­Յու­լի­սին հան­դի­պում ու­նե­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեա­նին հետ: Ե­րե­ւան հա­սած է եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին հետ հան­դի­պում ու­նե­ցած է նաեւ Հ.Ա.Պ.Կ.ի գլխա­ւոր քար­տու­ղար ­Նի­քո­լա ­Պոր­տիւ­ժան:

Ա­ւե­լի ուշ, ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան վար­չու­թեան տա­րա­ծած հա­ղոր­դագ­րու­թեան հա­մա­ձայն` Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ­Նալ­բան­դեան եւ ­Լաւ­րով անդ­րա­դար­ձած են հայ-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, երկ­կողմ հար­ցե­րու եւ եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ ձեռք բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման ըն­թաց­քին:

Զ­րու­ցա­կից­նե­րը քննար­կած են ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի նո­ւի­րո­ւած` ­Վիեն­նա­յի եւ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գաթ­նա­ժո­ղով­նե­րուն ձեռք բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կո­ւող քայ­լե­րը: ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը միտ­քեր փո­խա­նա­կած են շրջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ խնդիր­նե­րու շուրջ: