Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altԼեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի գլխա­ւոր դա­տա­խա­զու­թիւ­նը 3 ա­ռան­ձին քրէա­կան գոր­ծեր յա­րու­ցած է 19ա­մեայ ե­զի­տի զի­նո­ւոր ­Քեա­րամ Ս­լո­յեա­նի, վա­րորդ Հ­րանդ ­Ղա­րի­բեա­նի եւ 31ա­մեայ գնդա­պետ ­Հայկ ­Թո­րո­յեա­նի գլխատ­ման փաս­տե­րով:

­Փոր­ձաքն­նու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը ցոյց տո­ւած են, որ ­Քեա­րամ Ս­լո­յեան ու Հ­րանդ ­Ղա­րի­բեան գլխա­տո­ւած են յետ մա­հու, մինչ 31ա­մեայ գնդա­պետ ­Հայկ ­Թո­րո­յեա­նին ատր­պէյ­ճան­ցի գա­զան­նե­րը գլխա­տած են ա­նոր տա­կա­ւին ողջ ե­ղած ժա­մա­նակ: ­Ղա­րա­բա­ղի դա­տա­խա­զու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րով ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցած է, թէ իւ­րա­քան­չիւ­րի պա­րա­գա­յին ինչ­պէ՞ս վրայ հա­սած է մա­հը:

­Բա­ցի գլխա­տում­նե­րէն՝ ատրպէյ­ճա­նա­կան կող­մը նաեւ խոշ­տան­գած է Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ զոհո­ւած շուրջ 2 տաս­նեակ հայ զին­ծա­ռա­յող­նե­րու մար­մին­նե­րը: ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի դա­տա­խա­զու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, որ 15 հայ զին­ծա­ռա­յող­նե­րու ա­կանջ­նե­րը կտրուած են, քա­նի մը զինուոր­նե­րու մատ­նե­րը կտրո­ւած են, ու­րիշ­նե­րու աչ­քե­րը հա­նո­ւած են: Ք­րէա­կան գոր­ծեր յա­րու­ցո­ւած են 19 զին­ծա­ռա­յող­նե­րու մար­մին­նե­րու խոշ­տան­գում­նե­րու փաս­տե­րով:

­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վա­րի տե­ղա­կալ ­Դա­ւիթ ­Բա­բա­յեան ընդգ­ծած է, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պար­տա­ւոր է ար­ձա­գան­գե­լու զի­նո­ւոր­նե­րուն ողջ վի­ճա­կի մէջ գլխա­տե­լու եւ խոշ­տան­գե­լու այս փաս­տե­րուն: «Այն, ինչ տե­ղի է ու­նե­ցել, սա… պար­զա­պէս… կեն­դա­նա­կան աշ­խար­հում այդ­պի­սի բա­ներ չկան, դա ոչ այլ ինչ է, քան մո­լա­գա­րու­թիւն, ֆա­շիզմ… չգի­տեմ, հա­յա­տեա­ցու­թիւն, մար­դա­տեա­ցու­թիւն, նոր­մալ մար­դը չի կա­րող գնալ նման քայ­լի:

Բայց սա եւս մէկ ան­գամ ցոյց է տա­լիս, թէ ո՞ւմ հետ մենք գործ ու­նենք: ­Դա ոչ միայն ան­հատ­նե­րի նկատ­մամբ տա­րո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն է, նրանք մեր ազ­գին ու­զում են այդ ճա­կա­տագ­րին ար­ժա­նաց­նել: Ե­թէ ի­րենք տես­նում են, որ մեր վի­րա­ւո­րո­ւած զին­ծա­ռա­յողն ըն­կել է ի­րենց մօտ, նրանք բար­բա­րո­սա­բար գլխա­տում են մարդ­կանց, ողջ թէ զո­հո­ւած, դա նոր­մալ մար­դը չի կա­րող ա­նել»,- յայտ­նած է ­Բա­բա­յեան: