Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­յաս­տա­ն ե­րէկ ­Յու­լիս 5-ին կը նշեց ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան օ­րը: 1995 թո­ւա­կա­նի այդ օ­րը երկ­րի ­Հիմ­նա­կան օ­րէն­քի նա­խա­գի­ծը ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան հան­րա­քո­ւէի: Այն ժա­մա­նա­կո­ւայ ընդ­դի­մու­թիւ­նը հան­րա­քո­ւէի ար­դիւնք­նե­րը կեղ­ծո­ւած

հա­մա­րեց, սա­կայն պաշ­տօ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րով ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը ըն­դու­նո­ւե­ցաւ: Ա­տի­կա ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւնն էր:

­Տա­սը տա­րի անց` 2005ի ­Նո­յեմ­բեր 27ին, երկ­րին մէջ կրկին տե­ղի ու­նե­ցաւ սահ­մա­նադ­րա­կան հան­րա­քո­ւէ, երբ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցու­ցին գլխա­ւոր փաս­տա­թուղ­թին մէջ առ­կայ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը: Այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րով ընդ­լայ­նո­ւե­ցան խորհր­դա­րա­նի լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը: Ընդ­դի­մու­թեան կո­չով հա­սա­րա­կու­թեան մեծ մա­սը պոյ­քո­թեց ­Սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հան­րա­քո­ւէն, սա­կայն պաշ­տօ­նա­պէս հան­րա­քո­ւէն հա­մա­րո­ւե­ցաւ կա­յա­ցած եւ այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը ըն­դու­նո­ւե­ցան:

­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը փո­փո­խու­թիւն­նե­րու են­թար­կո­ւե­ցաւ նաեւ 2015ին: ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, 2015-ի ­Դեկ­տեմ­բեր 6-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հան­րա­քո­ւէ, ըստ ո­րուն՝ ­Հա­յաս­տա­նը ան­ցում կա­տա­րեց կա­ռա­վար­ման խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գի, ո­րուն հի­ման վրայ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ այ­լեւս տե­ղի պի­տի չու­նե­նան նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ` հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան քո­ւէար­կու­թեամբ: ­Նա­խա­գա­հը պի­տի ընտ­րո­ւի 2017 թո­ւա­կա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով ձե­ւա­ւո­րո­ւած Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի եւ ընտ­րիչ­նե­րու հիմ­նար­կին կող­մէ:

­Բա­ցի այդ, ­Սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րով Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը պի­տի ձե­ւա­ւո­րո­ւի միայն հա­մա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գով, այ­սինքն՝ պի­տի չըլ­լան ան­կախ թեկ­նա­ծու­ներ: ­Բո­լո­րը պի­տի ընտ­րո­ւին այս կամ այն կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած ցու­ցակ­նե­րով: Ն­շենք, որ ըստ Հ.Հ. ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջին եւ երկ­րորդ յօ­դո­ւած­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ինք­նիշ­խան, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, սո­ցիա­լա­կան, ի­րա­ւա­կան պե­տու­թիւն է, իսկ Հ.Հ. իշ­խա­նու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի ժո­ղո­վուր­դին: «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նե­րու եւ յի­շա­տա­կի օ­րե­րու մա­սին» օ­րէն­քով` 2001ի ­Յու­լիս 24ի ո­րո­շու­մով ­Յու­լիս 5ը կը նշո­ւի իբ­րեւ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան օր եւ յայ­տա­րա­րո­ւած է ոչ աշ­խա­տան­քա­յին: