Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դուարդ ­Նալ­բան­դեան ող­ջու­նեց Ֆ­րան­սա­յի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վին կող­մէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան հեր­քու­մը քրէա­կա­նաց­նող նոր օ­րի­նա­գի­ծի ըն­դու­նու­մը: «Ող­ջու­նե­լի է Ֆ­րան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նած օ­րի­նա­գի­ծը, որ միա­

ձայ­նու­թեամբ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վին կող­մէ, եւ ո­րուն հա­մա­պա­տաս­խան փո­փո­խու­թիւն­ներ պի­տի մտնեն Ֆ­րան­սա­յի ­Հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ­Քա­ղա­քա­ցիու­թեան օ­րէն­քին մէջ` քրէա­կա­նաց­նե­լով ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու, մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը եւ, հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար, նաեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը»,- յայ­տա­րա­րած է ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան` ­Հան­րա­յին պատ­կե­րաս­փիւ­ռի Ա­ռա­ջին լրա­տո­ւա­կան ծրա­գի­րի խնդրան­քով մեկ­նա­բա­նե­լով օ­րի­նա­գի­ծին ըն­դու­նու­մը: «­Յոյ­սով ենք, որ Ֆ­րան­սա­յի ­Ծե­րա­կոյ­տը եւս կը հաս­տա­տէ այս նա­խա­գի­ծը եւ ա­տի­կա կը ստա­նայ օ­րէն­քի ուժ, եւ այս քայ­լով Ֆ­րան­սան եւս կա­րե­ւոր, ար­ժէ­քա­ւոր քայլ մը կը կա­տա­րէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու, մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման վեհ գոր­ծին մէջ»,- ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ա­նու­նով ը­սած է ­Նալ­բան­դեան: