Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԱ­րա­գա­ծոտն մար­զի ­Կարմ­րա­ւո­րի Սբ. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­քին հա­տո­ւա­ծին պահ­պա­նո­ւած որմ­նան­կար­նե­րու մաքր­ման եւ վե­րա­կանգնման աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւար­տած են:

Ի­տա­լիա­յէն ժա­մա­նած ճար­տա­րա­պետ Ա­րա ­Զա­րեա­նի ու որմ­նան­կա­րի վե­րա­կանգ­նող մաս­նա­գէտ Ք­րիս­տին ­Լա­մու­ղէի ջան­քե­րով՝ ­Կարմ­րա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ար­դէն տե­սա­նե­լի են ճար­տա­րա­պե­տա­կան փոքր գլուխ-գոր­ծո­ցի ներ­քին նկա­րա­զարդ­ման բարձր ա­րո­ւես­տի մա­սին վկա­յող տա­սը սրբա­պատ­կեր­նե­րը:

Ե­կե­ղեց­ւոյ հիւ­սիս-ա­րեւմտեան պա­տին պատ­կե­րո­ւած է ձի հե­ծած ու թու­րը ձեռ­քին Սբ. ­Գէորգ զօ­րա­վա­րը, իսկ հա­րաւ-ա­րեւմ­տեան պա­տին ձի հե­ծած, մա­նու­կը գրկին, նե­տը ձեռ­քին պա­հած Սբ. ­Սար­գիս զօ­րա­վա­րի պատ­կե­րագ­րու­թիւ­նը:
Գմ­բե­թար­դի կեդ­րո­նա­կան մա­սը զար­դա­րո­ւած է «Ք­րիս­տո­սը փառ­քի մէջ» որմ­նան­կա­րով, իսկ կա­մա­րա­կա­պի հիւ­սի­սա­յին եւ հա­րա­ւա­յին հա­տո­ւած­նե­րուն, հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար, ­Մա­րիամ Աս­տո­ւա­ծա­ծի­նի ու Սբ. ­Յով­հան­նէս Մկր­տի­չի որմ­նա­պատ­կեր­ներն են:

­Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին բո­լոր որմ­նան­կար­նե­րը կորսն­ցու­ցած են ի­րենց ե­րանգ­նե­րը եւ այ­սօր կը ներ­կա­յա­նան մեծ մա­սամբ սեւ-սպի­տակ գոյ­նե­րով: Զ­բօ­սաշր­ջիկ­նե­րը եւ ուխ­տա­ւոր­նե­րը այ­սու­հե­տեւ պի­տի կա­րե­նան տես­նել եւ գնա­հա­տել ­Կարմ­րա­ւո­րի ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­քին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մեծ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող որմ­նան­կար­նե­րը: