Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altԹուր­քիան հա­մա­գոր­ծակ­ցած է Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան հետ. ա­տի­կա փաստ է, սա­կայն վեր­ջին մէ­կու­կէս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ան ­Սու­րիոյ մէջ փո­խած է իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ ստի­պուած քայ­լե­րու կը ձեռ­նար­կէ Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան դէմ: ­Վեր­ջինս ալ հան­

դէս կու գայ պա­տաս­խան քայ­լե­րով: Այս մա­սին «Ար­մենփ­րես»ի մա­մու­լի սրա­հին մէջ հրա­ւի­րո­ւած ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին նշած է Հ.Հ. Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն ­Ռու­բէն ­Սաֆ­րաս­տեան` նշե­լով, որ ­Պոլ­սոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան «ձե­ռա­գիր»ն­ է: Այդ մա­սին յայ­տա­րա­րած է նաեւ պաշ­տօ­նա­կան ­Թուր­քիան:

«­Կար­ծում եմ, որ սա ոչ միայն վրէժխնդ­րու­թեան ակ­ցիայ (քայլ) է ­Թուր­քիա­յի նկատ­մամբ, այ­լեւ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րի մի շարք է, ո­րի նպա­տակն է ազ­դել ­Թուր­քիա­յի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ: Այս ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով փորձ է ար­ւում, որ մեծ թո­ւով զո­հեր լի­նեն ու դրա­նով հաս­նեն նրան, որ ա­ւե­լա­նայ երկ­րի բնակ­չու­թեան դժգո­հու­թիւ­նը: Դ­րա­նից բա­ցի, պա­տա­հա­կան չէ ընտ­րո­ւած ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թեան վայ­րը: Այն ի­րա­կա­նա­ցո­ւեց մի­ջազ­գա­յին օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նում` փոր­ձե­լով հա­րո­ւա­ծել ­Թուր­քիա­յի մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թեա­նը»,- ը­սած է թրքա­գէ­տը:

­Ռու­բէն ­Սաֆ­րաս­տեան նշած է, որ Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւ­նը նման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով կը փոր­ձէ ազ­դել ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին, յատ­կա­պէս ­Սու­րիոյ մէջ վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ: Այժմ ­Թուր­քիան կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի «­Ժապ­հաթ ալ ­Նուս­րա» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման հետ: Ա­նոր օ­ժան­դա­կե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ըստ թրքա­գէ­տին, ու­նի յստակ նպա­տակ` ­Հա­լէ­պի շրջա­փա­կում, ­Հա­լէ­պի գրա­ւում եւ ա­տի­կա ը­նել «­Ժապ­հաթ ալ ­Նուս­րա»յի մի­ջո­ցաւ:

­Ռու­բէն ­Սաֆ­րաս­տեան նկա­տած է, որ «­Ժապբ­հաթ ալ ­Նուս­րա»ն­ ու Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւ­նը մրցա­կից­ներն են: ­Հե­տե­ւա­բար, Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւ­նը կը փոր­ձէ ­Թուր­քիոյ այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ ազ­դել: «Ինչ­պէս ցոյց է տա­լիս վեր­ջին շրջա­նի փոր­ձը, ­Թուր­քիա­յում նման ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւեն: ­Ցա­ւա­լի է, որ ե­ղան ան­մեղ զո­հեր, բայց ե­թէ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով բնու­թագ­րենք, ա­պա ­Թուր­քիան ստա­նում է այն, ին­չին ար­ժա­նի է: ­Նա մտաւ ­Սի­րիա­յի խա­ղի մէջ, բռնեց ա­հա­բե­կիչ­նե­րի կող­մը` օգ­տա­գոր­ծեց նրանց իր նպա­տակ­նե­րի հա­մար»,- ա­ւել­ցու­ցած է ­Ռու­բէն ­Սաֆ­րաս­տեան: