Նախագահ Սերժ Սարգսեան կը կարծէ, որ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը (Հ.Հ.Կ.) պիտի յաղթէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: «Ռոյթըրզ»ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ան ընդգծած է, որ Հ.Հ.Կ.ի պարտութեան պարագային քաղաքականութեան մէջ այլեւս ընելիք պիտի չունենայ, ապա՝ ծի
ծաղով բացառեց անոր հաւանականութիւնը: «Եթէ կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն անյաջողութեան մատնուի, ես այլեւս քաղաքականութեան մէջ ի՞նչ ունիմ ընելիք»,- ըսած է նախագահը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին` ընդգծելով, որ Պապի սկզբունքային դիրքորոշումն ու Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ արտայայտուած տեսակէտը ճամբայ կը հարթեն այլ ազգերու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
«Եւ ես վստահ եմ, որ Գերմանիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ու նաեւ Պապի հաստատակամութիւնը կը բերեն նոր ալիքի: Ես գրեթէ կասկած չունիմ, որ մօտ օրէն ֆրանսացիները անգամ մը եւս իրենց խորհրդարան կը տանին Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրինագիծը: Երկրորդ՝ ինչպէս յայտնի է, Գերմանիա շատ ծանրակշիռ խաղացող է եւ մեծ հեղինակութիւն ունի ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ ես վստահ եմ, որ Գերմանիոյ օրինակը բազմաթիւ այլ երկիրներու համար պիտի դառնայ ուսանելի»,- ըսաւ նախագահը:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ձգտումներուն` նախագահը կասկած յայտնեց, թէ Անգարա կը յաջողի ճնշումներու միջոցով մաս կազմելու Եւրոպական Միութեան: «Բայց ըստ երեւոյթին կը շփոթեն, թէ որո՞ւ վրայ կարելի՛ է ուժ գործադրել, ճնշում գործադրել, եւ որո՞ւ վրայ` կարելի չէ՛: Ես չեմ կարծեր, որ Թուրքիան այն երկիրն է, որ Եւրոպական Միութեան վրայ կրնայ ճնշում գործադրել: Անկեղծ ըսած, ես չեմ տեսներ այն հաւանականութիւնը , որ Թուրքիա կրնայ Եւրոպական Միութեան մաս կազմել»,- նշած է նախագահը:
Միեւնոյն ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանը չի պատկերացներ բարեփոխումներու յաջող ընթացքը առանց Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան: «Մենք պիտի շարունակենք այդ ճամբան»,- շեշտած է նախագահ Սարգսեան:
«Ռոյթըրզ»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, հանրապետութեան նախագահը նաեւ անդրադարձած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումին` ըսելով, թէ պայմանաւորուած են շարունակելու եռակողմ ձեւաչափով: «Մենք պայմանաւորուած ենք, որ այդ հանդիպումները` եռակողմ ձեւաչափով, պիտի ըլլան շարունակական եւ անոնք կու գան լրացնելու Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահներու ձեւաչափը»,- եզրափակած է նախագահը: