Թալիշի կռիւներուն ծանրօրէն վիրաւորուած Յովհաննէս Պօղոսեանը վերակենդանացման բաժանմունքէն տեղափոխուած է հիւանդասենեակ: «Կենաց-մահու պայքարում Յովհաննէսս յաղթեց, մեր աղօթքները տեղ հասան: Թէեւ բժիշկները ապրելու զրօ տոկոս
հաւանականութիւն էին տուել, բայց տղաս ապրեց, Յովիկս ուժեղ է, մենք այս փորձութիւնն էլ յաղթահարեցինք»,- կ՚ըսէ Յովհաննէսի մայրը:
Մօր խօսքերէն յետոյ՝ Յովհաննէս գլխու շարժումով կարծես թէ կը հաստատէ մօր խօսքերը՝ ինք ուժեղ է ու յաղթող: 1995ի ծնունդ Յովհաննէս Պօղոսեանը հրազէնային ծանր վէրքեր է ստացած Մայիս 13ին: Ան ստացած է գանկուղեղի հրազէնային ծանր վէրք, գլխուղեղի սալջարդ, այլ բազմաբեկորային կոտրուածքներ: Վիրաւորուելէ յետոյ զինծառայողը տեղափոխուած էր Մարտակերտի հիւանդանոց, վիրահատուած, ապա՝ տեղափոխուած էր Ստեփանակերտի հիւանդանոց, իսկ յետոյ՝ Երեւան: