«Այդ ողբերգութիւնը` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ցաւօք, գլխաւորեց տխուր ցանկը անցեալ դարու անմարդկային աղէտներուն» Հռոմի Ֆրանսիսկոս Պապ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրաւէրով՝ 24 Յունիսին եռօրեայ այցելութեամբ Հայաստան հասաւ Սրբազան Պապը` «Այցելութիւն՝ առաջին քրիստոնեայ երկիր» կարգախօսով:
Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ Ֆրանսիսկոս Պապը արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան. զինք դիմաւորելու եկած էին նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Առաջին Տիկինը եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնեաներ, դիւանագէտներ, հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներ: Օդակայանին մէջ հայկական միջնադարեան շարականներով պապը ողջունեցին «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբին սաները: Ազգային տարազով երեխաները Հռոմի Պապին մատուցեցին հայկական ծիրան եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ նիւթական ժառանգութեան ցանկերուն մէջ ներառուած հայկական լաւաշ: Օդակայանի նախագահական սրահին մէջ հանրապետութեան նախագահին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ ունեցած կարճատեւ զրոյցէն ետք, Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հազարաւոր հաւատացեալներ հաւաքուած էին` մասնակցելու Պապին բարի գալստեան` Հրաշափառի արարողութեան: Այցելութեան ծիրէն ներս Հռոմի Ֆրանսիսկոս Պապը նախագահական պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ դիտել տուաւ, թէ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25 տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդին համար պատմական իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են: «Մենք շնորհակալ ենք մեր հինաւուրց հողին եւ բազմաչարչար ժողովրդին օրհնութիւն բերելու համար»,- ըսաւ նախագահ Սարգսեան` յիշելով երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած յատկանշական իրադարձութիւնները:
Անկէ ետք Պապը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի իշխանաւորներուն, Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներուն եւ այլ հրաւիրեալներու հետ: Յատկանշական էր այն, որ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆրանսիսկոս Պապը` շեղելով նախապէս լրագրողներուն տրամադրուած իր խօսքի բնագիրէն, արտասանած է ցեղասպանութիւն բառը: «Այդ ողբերգութիւնը` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ցաւօք, գլխաւորեց տխուր ցանկը անցեալ դարու անմարդկային աղէտներուն»,- ըսաւ Հռոմի Պապը, թէեւ գրաւոր իր խօսքին մէջ այդ բառը չէր նշուած:
Նախ՝ խօսք առաւ Հայաստանի նախագահը, որ իւրայատուկ նկատեց Պապին այցելութեան օրը` պատիւ սեպելով Զայն հիւրընկալել «քրիստոնէութիւնը առաջինը պետականօրէն ընդունած եւ յանուն քրիստոնէական ինքնութեան ու արժէքների հազարամեայ մաքառումներով անցած հայոց հողում»: Նախագահը լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ սիրոյ եւ խաղաղութեան, գթասրտութեան համամարդկային արժէքներու եւ մարդասիրական գաղափարներու նկատմամբ Պապին հաւատարմութեամբ եւ հայութիւնը յուզող հարցերու նկատմամբ անոր մնայուն հոգածութեամբ՝ Ֆրանսիսկոս Պապը կը վայելէ հայ ժողովուրդին մեծ յարգանքն ու հիացմունքը:
Ֆրանսիսկոս Պապը այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ մեծ ուրախութիւն նկատեց «յոյժ սիրելի հայկական աշխարհի հող»ին վրայ գտնուիլը, այցելելը՝ հինաւուրց եւ հարուստ աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդի մը, որ քաջութեամբ պահած է իր հաւատքը, որ շատ տառապած է, բայց միշտ ալ վերածնած:
«… Մեր երկինքը մուգ, ջրերը ջինջ, լիճը լուսէ, Արեւն ամրան ու ձմեռուայ վիշապաձայն բուքը վսեմ, … հազարամեայ քարն … աղօթք դարձած երկաթագիր գրերը մեր» (Եղիշէ Չարենց, «Ես իմ անուշ Հայաստանի»): Ասոնք քանի մը հզօր պատկերներ են, որոնք ձեր հռչակաւոր բանաստեղծը մեզի կ՛ընծայէ` լուսաւորելու համար մեզ Հայաստանի պատմութեան խորութեան եւ բնութեան գեղեցկութեան մասին: Անոնք քիչ խօսքերու մէջ կ՛ամփոփեն ամբողջ ժողովուրդի մը փառաւոր եւ ողբերգական փորձառութեան արձագանգն ու խտութիւնը եւ տոգորող սէրը հայրենիքի հանդէպ»,- ըսաւ սրբազան քահանայապետը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով այս հրաւէրին համար, որ առիթ է փոխադարձելու նախորդ տարի Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ կայացած հանդիսաւոր արարողութիւնը` Պապը դիտել տուաւ, որ 2015ին տրուած հայկական բարձրաստիճան մակարդակի այցելութեան եւ արարողութեան ընթացքին յիշատակուեցաւ 100ամեակը «Մեծ Եղեռնի, որ հարուածեց ձեր ժողովուրդը, եւ որ անչափ անհամար զոհեր պատճառեց: Այդ ողբերգութիւնը` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ցաւօք, գլխաւորեց տխուր ցանկը անցեալ դարու անմարդկային աղէտներուն, որոնք գործադրուեցան ցեղապաշտական, գաղափարախօսական եւ կրօնական մոլորեցնող շարժառիթներով, եւ որոնք մթագնեցին մարդասպաններուն միտքը, որոնք նպատակադրուեցան ոչնչացնելու մինչեւ իսկ ամբողջ ժողովուրդներ: Յարգանքի իմ տուրքս կը մատուցեմ հայ ժողովուրդին, որ` լուսաւորուած Աւետարանի լոյսով, նոյնիսկ իր պատմութեան ամենաողբերգական պահերուն, Քրիստոսի Խաչի եւ Յարութեան մէջ գտած է կրկին վեր յառնելու ուժը եւ արժանապատուութեամբ վերսկսելու իր ուղին:
Պապը Ծիծեռնակաբերդի մէջ հանդիպեցաւ
Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգներուն
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան Յունիս 25ին Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Պապի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր:
Հանրապետութեան նախագահը եւ երկու հովուապետները յարգանքի տուրք մատուցանեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Սրբազան Քահանայապետը ծաղկեպսակ դրաւ յուշակոթողին եւ աղօթեց:
Հռոմի Պապը Հ.Հ. նախագահի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ, այնուհետեւ ծաղիկներ խոնարհեց անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ, ուր հոգեւոր դասը կատարեց Բարեխօսական կարգի արարողութիւն` հայցելով այլեւս սրբադասուած նահատակներու բարեխօսութիւնը:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Հ.Հ. նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Ֆրանսիսկոս Պապը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի Յիշողութիւններու պուրակ` օրհնեց իր անուամբ տնկուած եղեւնին, որմէ ետք գրառում կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուոյ այցելուներու գիրքին մէջ:
«Այստեղ կ՛աղօթեմ` ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ, ինչպիսին ասիկա է, չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ իմանայ չարութեան բարութեամբ յաղթել: Թող Աստուած պարգեւէ սիրեցեալ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն: Աստուած պահպանէ հայ ժողովրդի յիշողութիւնը: Յիշողութիւնը կարելի չէ ոչ պղտորել, ոչ մոռնալ: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է»,- գրած է Սրբազան Քահանայապետը:
Յուշահամալիրին մէջ Հռոմի Պապ Ֆրանսիսկոսին մօտեցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու խումբ մը ժառանգներ` զաւակներ եւ թոռներ, որոնց նախնիները, Մեծ Եղեռնի որբեր ըլլալով, Պիուս Տասնմէկերորդ Պապի որոշումով օթեւան գտած էին պապական Կաստել Գանտոլֆօ դղեակ-ամարանոցին մէջ:
Ֆրանսիսկոս Պապը եւ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ծիծեռնակաբերդի մէջ հրաժեշտ տուին հանրապետութեան նախագահին ու Առաջին Տիկնոջ եւ ուղեւորուեցան Գիւմրի, ուր Սուրբ Վարդանանց հրապարակին վրայ Սրբազան Քահանայապետը` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի աղօթակցութեամբ Լատինական ծէսով պիտի մատուցանէ Սուրբ Պատարագ:
Պապը Օրհնեց Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հողն ու ջուրը
Յունիս 25ին Հանրապետութեան հրապարակի մէջ տեղի ունեցած եկեղեցական արարողութենէն ետք Հռոմի Պապին ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին մօտեցան Մերձաւոր Արեւելքէն ժամանած կամ արդէն Հայաստանի մէջ ապաստանած ընտանիքներու պատանիներ ու երիտասարդներ, որոնք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին մատուցեցին օրհնութեան համար իրենց երկրներէն բերուած հողն ու ջուրը: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն Այսօր»ը։
Պատանիներն ու երիտասարդները իրենց ձեռքին մէջ կը կրէին իրենց երկրներէն բերուած հողով եւ ջուրով լեցուած սափոր: Հողն ու ջուրը օրհնելու նուիրական արարողութենէն ետք, լեցուցին բեմահարթակի վրայ դրուած Նոյեան Տապանի մանրակերտի մէջ:
Պատանիներու վերջին զոյգը Հայաստանէն էր: Անոնք կը խորհրդանշէին հայ ժողովուրդի վերածնունդը իր պատմական հայրենիքի այս հատուածին մէջ:
Աւարտին Հռոմի Պապն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ջրեցին տապանը, ուր տնկուած էր որթատունկը, որ կը խորհրդանշէ փրկութեան եւ վերածնունդի ուղին անցած Նոյ Նահապետը, որ բիբլիական Արարատէն իջնելով՝ տնկեց որթատունկը։