Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւի տնօ­րէն Ա­մա­տու­նի ­Վի­րա­բեան յայ­տա­րա­րած է, որ Ֆ­րան­սիս­կոս ­Պա­պի ­Հա­յաս­տան այ­ցի ըն­թաց­քին հայ­կա­կան կող­մը մտա­դիր է բարձ­րաց­նե­լու ­Վա­տի­կա­նի գաղտ­նի Ար­խի­ւին մէջ պա­հո­ւող հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­

թեան վե­րա­բե­րող փաս­տա­թուղ­թե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան հար­ցը:

«­Վա­տի­կա­նի գաղտ­նի Ար­խի­ւը հա­մար­ւում է աշ­խար­հի ա­մե­նա­մեծ ար­խիւ­նե­րից մէ­կը, որ­տեղ հսկա­յա­կան քա­նա­կու­թեամբ փաս­տաթղ­թեր կան այն երկըր­նե­րի, ժո­ղո­վուրդ­նե­րի մա­սին, ո­րոնց հետ յա­րա­բե­րո­ւել է ­Վա­տի­կա­նը:

­Հայ ժո­ղո­վուր­դը 3րդ, 4րդ ­դա­րից յա­րա­բե­րո­ւել է ­Վա­տի­կա­նի հետ, եւ մեր ժո­ղովր­դի պատ­մու­թեա­նը վե­րա­բե­րող մեծ քա­նա­կու­թեամբ փաս­տաթըղ­թեր կան այդ ար­խի­ւում, ո­րոնք դե­ռեւս չեն բա­ցո­ւել, չեն դրո­ւել շրջա­նա­ռու­թեան մէջ»,- լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ ը­սած է ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւի տնօ­րէ­նը:
Ա­մա­տու­նի ­Վի­րա­բեա­նի խօս­քով` այդ փաս­տա­թուղ­թե­րը կ­՚առն­չո­ւին ինչ­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Վա­տի­կա­նի մի­ջեւ փոխ-յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, հա­յոց պատ­մու­թեան, մշա­կոյ­թին, այն­պէս ալ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան:

«19րդ ­դա­րի վեր­ջում Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նում ­Պա­պի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւն­ներ է ու­ղար­կել ­Վա­տի­կան` նկա­րագ­րե­լով կայս­րու­թեան քրիս­տո­նեա­նե­րի, մաս­նա­ւո­րա­պէս հա­յե­րի վի­ճա­կը, նրանց հա­լա­ծանք­նե­րը»,- ը­սած է Ա­մա­տու­նի ­Վի­րա­բեան:

Ա­նոր խօս­քով` ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւը ու­նի պատ­ճէն­նե­րը այն բո­լոր փաս­տա­թուղ­թե­րուն, ո­րոնք ­Վա­տի­կա­նի ար­խի­ւը ար­դէն իսկ բա­ցած է հե­տա­զօ­տող­նե­րուն առ­ջեւ: Ա­նոնք հիմ­նա­կա­նօ­րէն գրո­ւած են ֆրան­սե­րէ­նով եւ լա­տի­նե­րէ­նով, եւ ներ­կա­յիս հայ մաս­նա­գէտ­նե­րը զբա­ղած են ա­նոնց ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ:

­Մին­չեւ այժմ գաղտ­նի պա­հո­ւող փաս­տա­թուղ­թե­րը, ըստ ­Վի­րա­բեա­նի, կրնան բա­ցո­ւիլ ու­սում­նա­սի­րող­նե­րուն հա­մար բա­ցա­ռա­պէս ­Պա­պի թոյլ­տո­ւու­թեամբ:
­Պա­տաս­խա­նե­լով «­Մե­տիա­մաքս»ի հար­ցու­մին՝ Ազ­գա­յին Ար­խի­ւի տնօ­րէ­նը կար­ծիք յայտ­նած է, որ հայ եւ կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ ներ­կա­յիս յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բարձր մա­կար­դա­կը թոյլ կու տայ, որ­պէս­զի հայ­կա­կան կող­մը դի­մէ ­Պա­պին` զա­նոնք ու­սում­նա­սի­րե­լու խնդրան­քով:

«Ես կա­պի մէջ եմ ­Մայր Ա­թոռ Էջ­միած­նի հետ, եւ ե­րէկ էլ այդ հար­ցը քննար­կել ենք: Ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, մենք կը փոր­ձենք այս հար­ցը քննարկ­ման ա­ռար­կայ դարձ­նել ­Պա­պի այ­ցի ըն­թաց­քում: ­Կար­ծում եմ` ան­ցած տա­րո­ւայ Ապ­րի­լին ­Վա­տի­կա­նի ­Սուրբ ­Պետ­րո­սի տա­ճա­րում ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցին նուիրո­ւած յա­տուկ ­Պա­տա­րա­գից յե­տոյ մեզ հա­մար այս հար­ցը լու­ծե­լի խնդիր է»,- ը­սած է Ա­մա­տու­նի ­Վի­րա­բեան: