Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանը սոյն նախաձեռնութեան կը մասնակցի $150.000 տոլարի գումարով
Կիրակի, Նոյեմբեր 27, 2011-ին, Hotel Nelligan-ի մէջ տեղի ունեցաւ Նոր Կիլիկիա գիւղի վերաշինութեան նուիրուած հանգանակային առաջին ձեռնարկը, հովանաւորութեամբ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ Սրբ. արք. Յակոբեանի, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Սիմա Փէհլիվանեաններու եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պրն. Արմէն Եգանեանի:
Արցախի Հանրապետութեան առաջադրանքով, սոյն գիւղի վերաշինութեան եւ վերաբնակեցման հովանաւորութիւնը ստանձնած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, մասնակցութեամբ բոլոր Ազգային Առաջնորդարաններուն: Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանը սոյն նախաձեռնութեան կը մասնակցի $150,000 տոլարի գումարով:
Անցեալին Նոր Ղազանջի գիւղը, որ այժմ վերանուանուած է որպէս Նոր Կիլիկիա, կը գտնուի Մարտակերտի շրջանին մէջ, Ստեփանակերտի հիւսիսը։ Անոր վերաբնակեցումը եւ նոր բնակարաններով, ճամբաներով, դպրոցով, բուժարանով, եկեղեցիով եւ մշակութային կեդրոնով օժտումը՝ յոյսի եւ լուսաւոր ապագայի կերտումն է։
Հանգանակային այս ձեռնարկին բացումը կատարեց օրուան հանդիսավարը՝ Մարալ Դերձակեան։ Ապա կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով խօսք առաւ գաղութիս եւ հայրենիքի բարերար, ինչպէս նաեւ Կիլիկեան իշխանուհի տիկին Տիանա Հաճէթեան: Տիկին Հաճէթեան իր խօսքին մէջ ներկայացուց Նոր Կիլիկիա գիւղի վերաշինութեան եւ վերաբնակեցման կարեւոր յանձնառութիւնը եւ անդրադարձաւ Արցախի հողին վրայ եւ յատկապէս սահմանամերձ գիւղերուն մէջ բնակող արցախցիներու անվերապահ նուիրումին, զոհողութեան ու քաջութեան։
Նոր Կիլիկիա գիւղի շինարարական աշխատանքներուն մասին ցուցադրուեցաւ վաւերական տեսերիզ մը, որուն հեղինակն է Հորիզոն շաբաթաթերթի աշխատակից, արցախցի լրագրողուհի Բելլա Լալայեանը: Սոյն տեսերիզի պատրաստութիւնը կատարուած էր Հոկտեմբեր 2011-ին, երբ Ազգային Առաջնորդարանի ուխտագնացութեան մասնակիցները, Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ, այցելած էին Նոր Կիլիկիա:
Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ վսեմաշուք դեսպան պրն. Արմէն Եգանեանը։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Անկախութենէն ի վեր տպաւորուած եւ յուզուած ենք, որովհետեւ ոչ միայն յաղթանակած ենք Արցախի մէջ, այլ նաեւ կարողացած ենք վերաշինել զայն մեր միակ բարեկամին՝ սփիւռքահայ ժողովուրդի աջակցութեամբ»։ Նորին Վսեմութիւնը յայտնեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան անունով կը խոնարհի սփիւռքահայութեան առջեւ «Նոր Կիլիկիա» գիւղի խիզախ ծրագրին համար։
Ձեռնարկի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի մասնակից բոլոր հայորդիներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ նիւթական աջակցութեամբ զօրավիգ կանգնեցան այս անհրաժեշտ նախաձեռնութեան: Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ այս ծրագրի իրականացման անհրաժեշտութեան եւ շեշտեց թէ «առանց սահմանամերձ գիւղերու ժողովուրդի ապահովութեան եւ բարօր կեանքին, չկայ հայրենիքի ապահովութիւն»։ Ապա անոր պահպանիչով վերջ գտաւ հանգանակային այս ձեռնարկը։