Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՅունաստանի մշակոյթն ու պատմութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին ծանօթացնելու նպատակով՝ վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ «Պատուհան՝ դէպի Յունաստան» խորագրով երեկոյ մը:

Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջային բաժնի ղեկավար Մեխակ Ապրեսեան նշեց, թէ միջոցառման նպատակն էր խթանել Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառը, մանաւանդ որ հայ-յունական կապերը դարաւոր բարեկամութեան հիմք ունին: «Կան շատ գործօններ՝ երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու համար: Այս զարգացումը միայն տնտեսական նպատակներ չի հետապնդեր»,- ըսած է Ապրեսեան՝ անդրադառնալով երկու բարեկամ ժողովուրդներու միջեւ կապերու յաւելեալ սերտացման կարիքին: «Կան շատ դրական ծրագիրներ, որ Յունաստանէն Հայաստան այցելութիւններու կը վերաբերին, բայց բացարձակ թիւերու մասին կարելի չէ խօսիլ»,- ըսած է ան:
Հայաստանի մօտ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Իոանիս Տաղիս այս առիթով նշած է, թէ տուեալ երեկոն նուիրուած է Յունաստանի զբօսաշրջական վայրերու յաւելեալ ծանօթացման.- «Յունաստանը զբօսաշրջական առաջնակարգ երկիր է, եւ ամէն տարի տարբեր երկիրներէ այցելուներու մեծ թիւ կÿընդունի: Ուրախ եմ հաստատելու, թէ հայերը սկսած են այցելել Յունաստան՝ բաւական յաճախակիօրէն: Հայաստանն ու Յունաստանը երկու շատ գեղեցիկ երկիրներ են, եւ ես որեւէ կասկած չունիմ, թէ Հայաստան շուտով կը վերածուի զբօսաշրջութիւնը խթանող պետութեան: Հայաստան եւ Յունաստան շատ սերտ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ ունին եւ ես համոզուած եմ, որ հայերը ամպայման կը վայելեն իրենց արձակուրդը Յունաստան»,- ըսած է դեսպանը:
Իոանիս Տաղիս նշած է նաեւ, թէ յոյն զբօսաշրջիկներուն համար մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն հայկական վանքերը:
Երեկոյին ներկայ եղած են նաեւ հայկական զբօսաշրջութեան գրասենեակներու պատասխանատուներ, որոնք գործակցաբար Հայաստանի մօտ Յունաստանի դեսպանութեան՝ այս մարզը զարգացնելու ծրագիրներ կը մշակեն: