Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան՝ անդրադառնալով Հայաստանի ու Ատըրպէյճանի նախագահներու
հանդիպման, ըսած է թէ «Երկուշաբթի՝ 20 Յունիսին, նախատեսուած հանդիպումը շատ կարեւոր է այն առումով, որ Վիեննայից յետոյ մի նոր ուղղութիւն է բացուել ղարաբաղեան-ատըրպէյճանական խնդրի կարգաւորման գործընթացում: Դա համապատասխան մեխանիզմների մշակումն ու սահմանային հատուածում կիրառումն է: Այն թոյլ կը տայ ֆիքսելու (ճշգրտելու) զինադուլի ռեժիմի (դրութեան) խախտումները: Վիեննայի հանդիպման ընթացքում ընդհանուր համաձայնութեան են եկել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները. այդ գործընթացը, փաստօրէն, մեկնարկել է: Հիմա մնացած բոլոր հանդիպումներում արդէն պէտք է ընդհանուրից դէպի մասնաւորը ընթացք ապահովել: Այսինքն՝ կոնկրէտ (որոշակի) հարցեր քննարկուեն, օրինակ՝ տարբեր տիպի սարքաւորումների տեղադրման, Ե.Ա.Հ.Կ. գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի գրասենեակի աշխատակիցների թուի աւելացման հարցը եւ այլն»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեան:
Ան նշած է, որ սահմանային հատուածին մէջ Վիեննայէն յետոյ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կը պահպանուին, զինադուլի խախտումը շատ աւելի քիչ է, քան եղած է 2 կամ 4 տարի առաջ:
Armenpress.amին խօսելով, ան նշած է թէ Արցախը կÿակընկալէ Ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ հետաքննութեան մեքենականութիւններու ներդրման յատուկ գործողութիւններ:
Դաւիթ Բաբայեանի խօսքով՝ Ատրպէյճան անկանխատեսելի պետութիւն է եւ կասկած կայ, որ ան ամէն ինչ պիտի ընէ գործընթացքը խանգարելու, երկարաձգելու համար՝ յառաջացնելով տարբեր խոչընդոտներ: Հետեւաբար, ըստ անոր, պէտք է աշխոյժ աշխատանք տանիլ, հնարաւորինս շուտ այդ մեքենականութիւնները ներդնելու համար: Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ այս հանդիպումները ուղղուած են աւելի շատ խաղաղութեան պահպանման, քառօրեայ պատերազմէն յետոյ ներկայ փուլին մէջ այլ հարցերու, մասնաւորապէս, քաղաքականի քըննարկում դժուար թէ ըլլայ: Դաւիթ Բաբայեան ընդգծած է, որ առանց հետաքննական մեքենականութիւններու ներդըրման, առանց այդ սկզբնական օղակին, անհնար պիտի ըլլայ առաջ անցնիլը:
Անդրադառնալով պատերազմէն յետոյ Արցախի վերականգնման գործընթացքին՝ Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ անիկա ընթացքի մէջ է:
«Պատերազմից անմիջապէս յետոյ այդ գործընթացը սկսուել է, բնակչութեանը տրամադրուել է օգնութիւն, անհրաժեշտ շինանիւթ՝ տների վերականգնման համար: Ինչ վերաբերում է բարոյահոգեբանական հարցին, ապա հասկանալի է, որ անդառնալի կորուստներ են եղել եւ ինչ-որ ձեւով սփոփանքը կը լինի այն, որ շատ երեխաներ ծնուեն ամբողջ հայութեան կտրուածքով: Կարող եմ ասել, որ պատերազմից յետոյ ժողովրդի մօտ կայ նոյն հաստատակամութիւնը: Այս ամէնը մէկ անգամ եւս շեշտեց, որ Արցախի անկախ պետականութիւնը մեզ համար սրբազան արժէք է»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեան:
Յունիս 20ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ պիտի կայանայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ: Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած է Մայիս 16ին Վիեննայի մէջ: Անիկա Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք նախագահներու առաջին հանդիպումն էր:
(Նիւթի մասին կարդալ նաեւ 5րդ էջին վրայ):