Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԵրեւանի մէջ Յունիս 18-24, առաջին անգամ ըլլալով, տեղի պիտի ունենայ Սայաթ-Նովա փառատօնը: Այս մասին, ըստ Panorama.amի, յայտնած են փառատօնի կազմակերպիչ Music of Armeniaէն։

Փառատօնին նպատակն է պահպանել եւ խթանել Սայաթ-Նովայի ժառանգութիւնը եւ աշուղական մշակոյթը առհասարակ: Քանի մը օրերու ընթացքին, Սայաթ-Նովա փառատօնը իր շուրջ պիտի միաւորէ բոլոր մակարդակներու եւ փորձառութեան երաժիշտներ՝ ի նուիրումն այս բացառիկ արժէքաւոր ժանրին:
Փառատօնին առաջին համերգը պիտի կայանայ Յունիս 18ին Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ: Ելոյթ պիտի ունենայ քամանչահար Յակոբ Խալաթեան, նաեւ՝ Հանրապետութեան տարբեր դպրոցները ներկայացնող, հանրապետական եւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիրներ, որոնք ազգային նուագարաններու վրայ (քամանչա, քանոն, թառ, ուտ, տուտուկ, շուի) պիտի կատարեն Սայաթ-Նովայի եւ այլ հայ աշուղներու ստեղծագործութիւններ: Ելոյթ պիտի ունենան նաեւ Հ.Հ. վաստակաւոր արտիստ Արտեմ Խաչատուր (թառ) եւ Մեսրոպ Խալաթեան (տափ), աշուղական երգերու լաւագոյն կատարող երգիչ Մուշեղ Յարութիւնեան: Առաջին անգամ ըլլալով պիտի հնչէ մեծանուն աշուղ Ջիւանիի նորայայտ «Շխալի» երգը, զոր Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին մէջ յայտնաբերած է Յակոբ Խալաթեան:
Յունիս 22ին Մեգերեան Կարպետ կեդրոնին մէջ պիտի կայանայ երիտասարդ երաժիշտներու համերգ: Ելոյթ պիտի ունենան «Հաւասի» երիտասարդական խումբը, «Տաղարան» համոյթը, «Միք’ս Արթ Ֆոլկ» քառեակը, Արաքսեայ Ամիրխանեան եւ «Տոնիկա» եռեակը:
Յունիս 24ին պիտի կայանայ «Նռան գոյնը» ֆիլմ թուային վերականգուած տարբերակին դիտում-քննարկումը: Երեկոյի բանախօսներն են երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանը, երգչուհի, երգահան Լիլիթ Պիպոյեան եւ շարժանկարի քննադատ Ռաֆֆի Մովսիսեան: