ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Դեկտեմբեր 5ին տեղի ունեցաւ ԼՂՀ Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ «ԼՂՀ 2012ի պետական պիւտճէի մասին» օրէնքի նախագիծը։
Օրինագիծին վերաբերեալ հաղորդումով մը հանդէս եկաւ փոխվարչապետ, ելեւմտական նախարար Սպարտակ Թեւոսեան: Ան նշեց, որ հակառակ համաշխարհային տնտեսութեան ընթացիկ աննպաստ զարգացումներուն, 2011ին Ղարաբաղի մէջ կը սպասուի Համախառն ներքին արտադրութեան (ՀՆԱ) 9 տոկոսի աճ: Ըստ անոր, 2012ին եւս կը նախատեսուի 9 տոկոսի տնտեսական աճ։
Համաձայն փոխ վարչապետին, կ՛առաջարկուի ԼՂՀ 2012ի պետական պիւտճէն հաստատել եկամուտներու գծով՝ 65 միլիառ 103 միլիոն 572.4 հազար դրամ (170 միլիոն տոլարի համարժէք), ծախսերու գծով՝ 70 միլիառ 320 միլիոն դրամ, իսկ պակասուրդը՝ 5 միլիառ 216 միլիոն 427.6 հազար դրամի չափով:
Իր կարգին, վարչապետ Արա Յարութիւնեան ներկայացուց սոյն օրէնքի նախագիծի մշակման սկզբունքները, յառաջիկայ տարի երկրի զարգացման հիմնական ուղղութիւններն ու առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ հասարակական-տնտեսական յառաջընթացի հեռանկարները: Յարութիւնեան նշեց, թէ պետական պիւտճէն կազմուած է կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրին համապատասխան, որ, իր կարգին, կը բխի ԼՂՀ նախագահի նախընտրական ծրագիրէն:
«Նախագիծին նախատեսուած են նաեւ երկրի ղեկավարի յանձնարարականները, ինչպէս նաեւ ներկայ ժամանակի որոշ հրամայականներ», ըսաւ վարչապետը:
Նշենք, որ ԱԺ մշտական յանձնաժողովներուն ԼՂՀ 2012ի պետական պիւտճէի նախագիծին քննարկումները սկսան Դեկտեմբեր 6ին՝ համաձայն սահմանուած ժամանակացոյցի: