Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀայաստանի մէջ եզիտի համայնքը կ’ակնկալէ Ազգային ժողովին կողմէ Եզիտիներու Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այս մասին, ըստ

«Արմէնփրէս»ի, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է լրագրող, իրաւաբան Հասան Թամոյեանը՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ եզիտի համայնքը միշտ ալ զգացած է հայ ժողովուրդին աջակցութիւնը:
Եզիտիները կ’ողջունեն Ազգային ժողովին մէջ «Հիւսիսային Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇի կողմէ եզիտիներու նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութիւնը դատապարտելու որոշումի նախագիծ»ը շրջանառութեան մէջ դնելը: «Ըսել, որ նախագիծը գործի սկիզբն է, այդպէս չէ: Տակաւին 2014ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը աշխարհի միակ ղեկավարն էր, որ միջազգային բարձրագոյն հարթակէն՝ Մ.Ա.Կ.ի ամպիոնէն, հանդէս եկաւ ի պաշտպանութիւն եզիտիներուն: Այնուհետեւ, ան հանդէս եկաւ Ա.Պ.Հ.ի համաժողովին՝ 2015ին: Ես չեմ գիտեր, թէ նախագիծը ի՛նչ ճակատագիրի կ’արժանանայ, բայց որ հայ ժողովուրդին համակրանքը եզիտի ժողովուրդին կողմն է, անվիճելի է»,- ըսած է Հասան Թամոյեան:
Ըստ անոր՝ ցանկալի է, որ նախագիծը վերջնական տեսքի բերելու գործին մէջ ներգրաւուին նաեւ համայնքի ներկայացուցիչները: «Ամենայն հաւանականութեամբ այս նախագիծը պիտի քննարկուի աշնան, մինչ այդ կը տրամադրենք տեղեկատուութիւն, եթէ անոր անհրաժեշտութիւնը կայ: Մենք պէտք է միասնական ուժերով հանդէս գանք, որպէսզի Իրաքի մէջ եզիտիներուն նկատմամբ կատարուածը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցուի»,- յայտնած է Հասան Թամոյեան՝ նշելով, որ Եզիտիներու Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է նաեւ այլ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ: