Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտարարած է, թէ Քրեմլինի մէջ կ՛ակնկալեն, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երկուշաբթի՝ 20 Յունիսին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման հարցը:
«20 Յունիսին կը ծրագրուի Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումին վերաբերեալ»,- ըսած է ան լրագրողներուն:
Ուշաքովի համաձայն՝ կ՛ենթադրուի, որ Փութին սկիզբը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ ունենայ առանձին հանդիպումներ, որոնց պիտի յաջորդեն միացեալ բանակցութիւնները:
«Բնականաբար, մեր կողմէ աշխոյժ ջանքեր պիտի գործադրուին՝ տագնապի լուծումին առումով կողմերուն աջակցելու համար»,- ըսած է Ռուսիոյ նախագահին օգնականը: