Գիւմրին արդէն կը պատրաստուի Ֆրանսիս Պապի Հայաստան այցելութեան. անիկա պիտի սկսի 24 Յունիսին եւ պիտի ըլլայ բաւական յագեցած օրակարգով։ Այս մասին հաղորդած է «Վատիկանի Ռատիօ»ն, որուն աշխատակիցները արդէն այցելած են Գիւմրի: Անոնք այցելած են Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու
միաբանութեան «Տիրամայր Հայաստանի» կուսանոց, ուր «Վատիկանի Ռատիօ»ի աշխատակիցները յայտնած են, որ Պապին համար յատուկ երգեր կը պատրաստուին: «Ատիկա մեծ երջանկութիւն է մեզի համար»,- ըսած են քոյրերը:
Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութիւնը պիտի սկսի 24 Յունիսին եւ աւարտի 26ին։