Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ձերբակալուած են Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան պաշտօնեաներ Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական Կոմիտէի «Յատկապէս կարեւոր գործերու» քննութեան գլխաւոր վարչութեան նախաքննութեամբ քննուող քրէական գործով՝ Յունիս 14ին ձերբակալուած են Հայաստանի

Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան պետական առողջապահութեան գործակալութեան պետ Սարօ Ծատուրեան, Երեւանի Քաղաքային Կեդրոնի պետ Արսէն Սեդրակեան, գործակալութեան բժշկական ծառայութիւններու գնման եւ տեղեկատուական բաժինի նախկին պետ Սամուէլ Խարազեան:
Ինչպէս «Արմէնփրես»ին տեղեկացուցին Հայաստանի Քննչական Կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինին կողմէ, անոնք կը մեղադրուին պաշտօնական դիրքը չարաշահած ըլլալու ծանր յանցանքով:
Հայաստանի Քննչական Կոմիտէի «Յատկապէս կարեւոր գործերու» քըննութեան գլխաւոր վարչութեան նախաքննութեան մէջ կը շարունակուի Հայաստանի առողջապահութեան նախա- րարութեան աշխատակիցներու կողմէ 2012-2014ին առողջարանային կեղծ ուղեգիրներ պատրաստելու եւ գործածութեան դնելու դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:
Ձեռք բերուած ապացոյցներով՝ տեղի ունեցող դատավարական որոշումներու մասին պիտի հրապարակուի  աւելի ուշ ժամանակամիջոցի ըն-թացքին: