Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային՝ Օրլանտոյի ակումբին մէջ տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեան կապակցութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահը խստօրէն դատապարտած է անհանդուրժողականութեան այս զարհուրելի երեւոյթը եւ ընդգծած, որ բարեկամ ամերիկացի
ժողովուրդին պատուհասած այդ դժբախտութիւնը կրկին ապացուցեց, որ ատելութեան բոլոր դրսեւորումները, որոնց յաղթահարումը բոլորի հաւաքական պարտքն ու առաքելութիւնն է, նոյնիսկ 21րդ դարուն կը շարունակեն մնալ լրջագոյն մարտահրաւէր մարդկութեան համար: