Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt9 ­Յու­նի­սի գի­շե­րը` ժա­մը 12:00էն 12:30, ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը ան­գամ մը եւս խախ­տած է ձեռք բե­րո­ւած զի­նա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը եւ ռմբա­կո­ծած է ­Բա­ղա­նիս գիւ­ղը: Այս մա­սին ­Դի­մա­տետ­րի իր է­ջին վրայ գրած է ­Բա­ղա­նի­սի գիւ­ղա­պետ ­Նա­րեկ ­Սա­հա­կեան:

Գիւ­ղա­պե­տը նշած է, որ վնա­սո­ւած են տա­նիք­ներ եւ պա­տու­հան­ներ: «­Բա­ղա­նի­սի միջ­նա­կարգ դպրո­ցի 11րդ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ար­տադպ­րո­ցա­յին աշ­խա­տան­քէ մը վե­րա­դառ­նա­լու ճամ­բուն վրայ ստի­պո­ւած ե­ղած են 30 վայր­կեան սպա­սե­լու գիւ­ղի սկզբնա­մա­սը` ա­պա­հո­վա­կան պատ­ճառ­նե­րով: Այս բո­լո­րէն ան­կախ, այ­սօր 9րդ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը բնա­կա­նոն կեր­պով կը կա­տա­րեն ի­րենց տա­րե­վեր­ջի քննու­թիւ­նը»,- գրած է Ն. ­Սա­հա­կեան: