Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altԶե­ման կը կրկնէ ­Չե­խիոյ խորհր­դա­րա­նին դի­մե­լու գծով նա­խա­պէս կա­տա­րած իր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րով պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ­Հա­յաս­տան կը գտնո­ւի ­Չե­խիոյ նա­խա­գահ

­Մի­լոշ ­Զե­ման, որ 8 ­Յու­նի­սին նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի հետ ու­նե­ցած է հայ-չե­խա­կան բարձր մա­կար­դա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ, ո­րոնց ա­ւար­տին ա­նոնք տո­ւած են մամ­լոյ միա­ցեալ ա­սու­լիս: ­Նախ՝ նա­խա­գահ­նե­րը ու­նե­ցած են դռնփակ նիստ, որ­մէ ետք տե­ղի ու­նե­ցած է ընդ­լայ­նո­ւած կազ­մով հան­դի­պում, եր­կու եր­կիր­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ:

­Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին նա­խա­գահ­ներ ­Սարգ­սեան ու ­Զե­ման այս այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով ստո­րագ­րած են «­Յու­շա­գիր` ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ ­Չե­խիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ»: ­Հան­դի­պու­մէն ետք տե­ղի ու­նե­ցած մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է Ար­ցա­խեան տագ­նա­պին նկատ­մամբ ­Չե­խիոյ կե­ցո­ւած­քին, ­Չե­խիոյ խորհրդա­րա­նին կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման անհրա­ժեշ­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ հայ-չե­խա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն:

­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան ­Չե­խիոյ իր պաշ­տօ­նա­կի­ցին փո­խան­ցած է իր մտա­հո­գու­թիւ­նը վեր­ջին օ­րե­րուն Ազր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի ան­հա­ւա­սա­րակ­շիռ վար­քա­գի­ծին վե­րա­բե­րեալ` դի­տել տա­լով, որ վեր­ջի­նիս նշան­նե­րը կար­ծես առ­կայ չեն ե­ղած ­Վիեն­նա­յի մէջ: «­Մաս­նա­ւո­րա­պէս «Աշ­խար­հի ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն չոր­րորդ հա­մա­ժո­ղով» ա­նու­նը կրող ձեռ­նար­կին ժա­մա­նակ հնչած ա­նոր ե­լոյ­թը` ­Հա­յաս­տան պե­տու­թեան մա­սին շնա­կան ո­րա­կում­նե­րով, անձ­նա­կան վի­րա­ւո­րանք­նե­րով երկ­րի նա­խա­գա­հին հան­դէպ, ո­րուն հետ, ի մի­ջի այ­լոց, օ­րեր անց ինք կը պատ­րաս­տո­ւի հար­ցեր քննար­կե­լու, պատ­մու­թիւ­նը զա­ւեշ­տի վե­րա­ծած ինչ որ միտ­քե­րով:

Ես յոյս ու­նիմ, որ ա­սի­կա ժա­մա­նա­կա­ւոր խնդիր է, տղա­յու­թիւն է եւ ա­րագ կ­՛անց­նի, քա­նի որ մենք լրջօ­րէն պի­տի աշ­խա­տինք, պար­տա­ւո­րու­թիւն ու­նինք յա­ռա­ջի­կա­յին հա­մար: Եւ յոյս ու­նիմ, որ ա­սի­կա ­Վիեն­նա­յի պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը վի­ժեց­նե­լուն մի­տո­ւած գի­տակ­ցո­ւած վար­քա­գիծ չէ»,- նշած է ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է ­Չե­խիոյ` ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լուծ­ման հար­ցին մէջ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ընդ­հա­նուր դիր­քո­րոշ­ման հա­մա­հունչ կե­ցո­ւածք որ­դեգ­րե­լուն եւ ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ջան­քե­րուն լիա­կա­տար ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լուն հա­մար: ­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի հա­մա­ձայն, ինք ու ­Չե­խիոյ իր պաշ­տօ­նա­կի­ցը կա­րե­ւոր նկա­տած են ­Վիեն­նա­յի մէջ, ինչ­պէս նաեւ նա­խա­պէս ձեռք­բե­րո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու գոր­ծադ­րու­թիւ­նը` դի­տել տա­լով, որ այդ քայ­լե­րու ան­շեղ ի­րա­գոր­ծու­մը այն նո­ւա­զա­գոյն շեմն է, որ կա­րե­լիու­թիւն կու տայ ճամ­բայ հար­թե­լու դէ­պի կա­ռու­ցո­ղա­կան, եւ որ կա­րե­ւո­րա­գոյնն է, ար­դիւն­քի մի­տող բա­նակ­ցու­թիւն­ներ:

­Չե­խիոյ նա­խա­գահ ­Մի­լոշ ­Զե­ման իր կար­գին յայտ­նած է, որ ­Հա­յաս­տանն ու Ատր­պէյ­ճա­նը կրնան խա­ղա­ղու­թեան հաս­նիլ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի հար­ցին մէջ: «Ես վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցի Ատր­պէյ­ճան, եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պին վե­րա­բե­րեալ իմ դիր­քո­րո­շումս կը մնայ նոյ­նը` ան­կախ ան­կէ, թէ ո՛ր երկ­րին մէջ կը գտնո­ւիմ:

Ես եր­կու նա­խա­գահ­նե­րուն յի­շե­ցու­ցած եմ Ֆ­րան­սա­յի եւ ­Գեր­մա­նիոյ օ­րի­նա­կը, երբ այդ եր­կիր­նե­րը ի­րա­րու հետ եր­կար տա­րի­ներ պա­տե­րազմ­ներ մղած են, բայց ա­ւար­տին եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը կրցած են կնքել հա­մա­ձայ­նա­գիր եւ ա­ւար­տել պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը: ­Սերժ ­Սարգ­սեանն ու Իլ­համ Ա­լիե­ւը փայ­լուն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ են, եւ կրնան հե­տե­ւիլ այդ օ­րի­նա­կին եւ խա­ղա­ղու­թիւն կնքել»,- նշած է ­Զե­ման: Ան ա­ւել­ցու­ցած է, որ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն ա­ռա­ջար­կած է հան­դի­պում կազ­մա­կեր­պել ­Չե­խիոյ մէջ` նկա­տի առ­նե­լով այն, որ 2002ին եւ 2005ին նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն ար­դէն ե­ղած է:

­Նա­խա­գահ ­Զե­ման նաեւ անդ­րա­դար­ձած է ­Չե­խիոյ խորհր­դա­րա­նին` ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­լու եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տե­լու հար­ցով: «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ իմ դիր­քո­րո­շումս յայտ­նած եմ 2014ին` ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի ­Չե­խիա տուած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին: ­Նա­ցիա­կան ­Գեր­մա­նիոյ յաղ­թա­նա­կի պա­րա­գա­յին իմ ժո­ղո­վուրդս եւս կրնար նման տա­ռա­պանք­ներ կրել, պատ­մու­թիւ­նը կրնայ կրկնո­ւիլ:

Ես գի­տեմ, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տած են Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան 10 եր­կիր­ներ, ոչ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րէն կա­րե­լի է նշել ­Ռու­սիան եւ ­Քա­նա­տան: Իբ­րեւ այս յայ­տա­րա­րու­թեան յա­ջոր­դող քայլ, ես պի­տի դի­մեմ ­Չե­խիոյ խորհր­դա­րա­նին, որ­պէս­զի ա­նոնք հե­տե­ւին ­Գեր­մա­նիոյ օ­րի­նա­կին եւ հան­դէս գան նման յայ­տա­րա­րու­թեամբ»,- յայտ­նած է ­Զե­ման:

Անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ու ­Չե­խիոյ մի­ջեւ ա­ռեւտ­րա­կան եւ տնտե­սա­կան կա­պե­րուն. ­Չե­խիոյ նա­խա­գա­հը դի­տել տո­ւած է, որ այս յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ պէտք է աշ­խա­տին ո՛չ միայն քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը, այլ նաեւ՝ գոր­ծա­րար­նե­րը: ­Նոյն օ­րը ա­ռա­ւօ­տեան ­Չե­խիոյ նա­խա­գա­հը այ­ցե­լած էր ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր, ուր ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցած մէ­կու­կէս մի­լիոն զո­հե­րու յի­շա­տա­կին:

Չե­խիոյ նա­խա­գա­հը նաեւ ե­ղեւ­նի տնկած է յու­շա­հա­մա­լի­րի ­Յի­շո­ղու­թեան ­Պու­րա­կին մէջ, ինչ­պէս նաեւ գրա­ռում կա­տա­րած թան­գա­րան-հիմ­նար­կի պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րու գիր­քին մէջ: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի տնօ­րէն ­Հայկ ­Դե­մո­յեա­նի հա­մա­ձայն՝ «­Խո­րին յար­գան­քով` ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին» գրած է ­Չե­խիոյ նա­խա­գա­հը եւ ը­սած, որ ոչ իսկ վայր­կեան մը վա­րա­նած է իր գրու­թեան մէջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րը օգ­տա­գոր­ծե­լու:

­Չե­խիոյ ե­րես­փո­խան­նե­րուն ա­ւե­լի քան 90 առ հա­րիւ­րը
կը զօ­րակ­ցի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման

­Չե­խիոյ «Օ­րեր» եւ­րո­պա­կան ան­կախ ամ­սա­գի­րի գլխա­ւոր խմբա­գիր ­Յա­կոբ Ա­սատ­րեան «Ար­մէնփ­րես»ին յայտ­նած է, որ չե­խա­կան մա­մու­լը ե­րես­փո­խան­նե­րու մօտ կա­տա­րած է հար­ցա­խոյզ մը, ո­րուն մաս­նա­կից ե­րես­փո­խան­նե­րուն 90 առ հա­րիւ­րէն ա­ւե­լին զօ­րակ­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման: «­Հար­ցա­խոյ­զին մաս­նակ­ցած են թէ՛ իշ­խող, թէ՛ ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն: Ա­նոնք ը­սած են, որ 1915ին կա­տա­րո­ւա­ծը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն է, եւ պէտք է այդ մէ­կը ըն­դու­նո­ւի»,- ը­սած է ան:

«­Կը կար­ծեմ, որ տես­նե­լով հա­սա­րա­կա­կան կար­ծի­քի բուռն ար­ձա­գան­գը, ­Չե­խիոյ նա­խա­գա­հի, ինչ­պէս նաեւ միւս քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, ա­մէն պա­րա­գա­յի յա­ռա­ջըն­թաց պի­տի ըլ­լայ»,- նշած է ան` ա­ւելց­նե­լով, որ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նոր­դը` Փ­րա­կա­յի ­Տո­մի­նիք ­Տու­քա Ար­քե­պիս­կո­պո­սը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ջա­տա­գով­նե­րէն է. կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին կ­՛ա­ջակ­ցի երկ­րի հայ հա­մայն­քին: