Հայկական արտադրութիւն «Արմֆոն» հեռախօսները արդէն հասանելի են հայաստանցի գնորդին: Հայկական արտադրութեամբ առաջին smartphoneները, ըստ զայն ստեղծող ընկերութեան հիմնադիրին, որակեալ են եւ ոչինչով կը զիջին շուկային մէջ
առկայ տարբերակներուն:
«Ես հասկացել եմ մի բան. շուկայում ցանկացած ապրանքի համար կայ իր գնորդը, այսօր պայքարել ցածր արժէքի չինական կամ բարձր արժէքի ամերիկեան, կորէական կամ ճապոնական ապրանքի դէմ, անիմաստ է:
Կարեւորը՝ մեր ապրանքը որակեալ է, մենք պատասխանատու ենք որակի համար եւ մեր գնորդի կողքին ենք»,- ըստ Armenpress.amի` լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Technology and Science Dynamics ընկերութեան հիմնադիր նախագահ Վահան Շաքարեան:
Ան նշած է, որ հեռախօսները հայ երիտասարդ մասնագէտներու, գիտնականներու երկու տարուան աշխատանքի արդիւնքն են: Վահան Շաքարեան յոյս յայտնած է, որ «Արմֆոն» եւ «Արմթաբ» պիտի նպաստեն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման` նոր անուն աւելցնելով «Պատրաստուած է Հայաստանում» խորագիրին տակ:
Վահան Շաքարեան տեղեկացուցած է, որ հայկական բջիջայինները մօտ ապագային պիտի յայտնուին Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Խրխզիստանի, Պելառուսիոյ, այլ խօսքով` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան շուկայ` հասանելիութիւն ունենալով աւելի քան 160 միլիոնանոց շուկային: Այնուհետեւ՝ ընկերութիւնը պիտի ձգտի հասնելու նաեւ ամերիկեան ու եւրոպական շուկաներ:
Հեռախօսները ունին 5 տարբերակ ու ըստ իրենց ճարտարագիտական բնութագրիչներուն մրցունակ են. անոնք ունին ցած գին` համեմատ շուկայի մէջ առկայ հանրայայտ մակնիշներուն, բարձր է անոնց գինը` չինական ոչ-ծանօթ ապրանքանիշներէն:
«Արմֆոն» կը տատանի 50-151 հազար դրամի սահմաններուն մէջ:
Հեռախօսներուն զանգերը ներկայացուած են Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Նիկողայոս Տիգրանեանի, Ստեփան Էլմասի շարք մը ստեղծագործութիւններով: «Ժամանակն է, որ մենք փոխենք մեր մտածելակերպը: Մեզ մօտ տպաւորութիւն է, որ Աստուած ստեղծել է աշխարհը, իսկ չինացիները ստեղծում են ամէն ինչ: Իրականում, Աստուած ստեղծել է աշխարհը, մենք էլ ստեղծում ենք մերը»,- ընդգծած է Վահան Շաքարեան: