Print
Category: Հայաստան-Արցախ

1988ի, Դեկտեմբեր 7ը, ժամը 11:41 եւ 22,7 վայրկեան, Ռիխթըրի 8  բալ ուժգնութեամբ երկրաշարժը մէկ ակնթարթի մէջ Հայաստանը վերածեց աղէտի գօտիի՝ ընդգրկելով ՀՀ տարածքի մօտ 40 տոկոսը, ուր կ'ապրէր ֆ միլիոն մարդ:

Աղէտի հետեւանքով տուժեց 21 քաղաք եւ շրջան, 342 գիւղ, զոհուեցաւ 25 հազար մարդ, մօտ 20 հազարը ստացաւ տարբեր աստիճանի վնասուածքներ, անօթեւան մնաց 514 հազար մարդ: Զոհերու ամէնէն մեծ թիւը Գիւմրիի եւ Սպիտակիմէջ  արձանագրուեցաւ:
Փճացաւ Հայաստանի բնականութեան 17% տոկոսը, դադրեցան գործելէ 170 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ: Մեծ վնաս հասաւ  նաեւ ճարտարապետական, պատմական, արուեստի յուշարձաններու եւ 917 դպրոցի: 
Իւրաքանչիւր տարի Դեկտեմբեր 7-ին այցելութիւն  կը տրուի աղէտի գօտի՝  յարգանքի տուրք կը մատուցուի զոհերու յիշատակին, իսկ եկեղեցիներուն  մէջ  հոգեհանգստի պատարագ կը մատուցուի:
Հոգեհանգիստի արարողութիւններու կարգին սակայն, շրջանի վերականգնումը խորհրդանշող ձեռնարկներ ալ տեղի կ'ունենան, դպրոցական աշակերտներու մասնակցութեամբ: