Յունիս 24ին Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի ժամանէ Հայաստան: Պապի հայաստանեան այցի օրակարգը Յունիս 5ին ներկայացուցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու
պատասխանատու Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան:
Անոր տեղեկացմամբ` եռօրեայ այցի ծիրէն ներս, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք, Պապը պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին. Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ բարի գալուստի` «Հրաշափառ»ի արարողութիւն: Նոյն օրը երեկոյեան, Սրբազան Քահանայապետը Հ.Հ. նախագահական նստավայրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Այցի առաջին օրը պիտի ամփոփուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին մէջ կայանալիք Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Գարեգին 2րդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիպմամբ:
Նոյն օրը երեկոյեան մայրաքաղաքի հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ընդհանրական արարողութիւն եւ Խաղաղութեան աղօթք: Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեանի խօսքով` սա Պապի հայաստանեան այցի ծիրէն ներս, թերեւս, ամենահանդիսաւոր ու մարդաշատ միջոցառումն է:
Յունիս 26ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Պապը հանդիպում պիտի ունենայ Հայ կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու հետ, պիտի մասնակցի Ս. Պատարագի արարողութեան ու ընդհանուր ճաշկերոյթին` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Հայաստանեայց առաքելական, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու անդամներու ու պապական պատուիրակութեան հետ:
Նոյն օրը կը նախատեսուի համատեղ յայտարարութեան ստորագրում: Յայտարարութեան բնագիրը նախապէս պիտի տրամադրուի լրատուամիջոցներուն: Հովուապետները նաեւ աղօթք պիտի մատուցանեն Խոր Վիրապի վանքին մէջ, որմէ ետք Հռոմի սրբազան քահանայապետը Երեւանէն պիտի մեկնի Հռոմ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուն Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովուապետին հայաստանեան այցի նշանակութիւնը կ՛որակէ բազմաշերտ ու քանի մը շեշտադրումներ կ՛ընէ: Նախ` 2015ի Ապրիլին Ֆրանչիսկոս Պապը խոստացած էր այցելել Հայաստան, երկրորդ` որ առաքելական եւ կաթոլիկ եկեղեցիները բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններ ունին եւ այցը ատիկա ամրապնդելու եւ նոր հեռանկրաներ բանալու նպատակ ունի:
Այցի երրորդ կարեւորագոյն նշանակութիւնը. երկու հովուապետներուն խաղաղութեան աղօթքը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ու կրօնական հանդուրժողականութեան հրաշալի ուղերձ կրնայ ըլլալ: