«Հայաստան» Հիմնադրամը կը շարունակէ իր աջակցութիւնը բերել Արցախի առողջապահական ոլորտի խնդիրներու լուծման. ապրիլեան պատերազմէն յետոյ ֆրանսահայ համայնքի միջոցներով՝ շտապօգնութեան 2 մեքենայ, իսկ Ֆրանսայի եւ Պրազիլի մեր հայրենակիցներու համատեղ ջանքերով՝ շուրջ 13 թոն դեղորայք տրամադրուած են Լ.Ղ.Հ. առողջապահութեան նախարարութեան:
Լոս Անճելըսի մէջ կայացած «Օգնութիւն Արցախին» հեռուստամարաթոնի աւելի քան 1,1 միլիոն Ա.Մ.Ն. տոլար հասոյթն ալ, որուն մաս կազմած են նաեւ ֆրանսահայերու, պրազիլահայերու, Թորոնթոյի եւ Նիւ Եորքի հայ համայնքներու նուիրատւութիւնները, կ’ուղղուի Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման:
Այս մասին կը հաղորդէ Հիմնադրամի մամլոյ ծառայութիւնը: Օրերս նաեւ բժշկական սարքեր նուիրաբերուած են Արցախին, մասնաւորապէս` ֆրանսահայ համայնքի միջոցներով ձեռք բերուած է հեմոտիալեզի 2 սարք, բրիտանահայերուն կողմէ` սոնոկրաֆիայի սարք, յունահայերու կողմէ ալ` պուլսօքսիմեթր, 50 եռոտանի, 20 պատգարակ: