Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­մա­հայ­կա­կան ­Խա­ղե­րու ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Կո­մի­տէն (Հ.Խ.Հ.Կ.) ո­րո­շած է 2017 թո­ւա­կա­նի ­Հա­մա­հայ­կա­կան 7րդ­ ա­մառ­նա­յին ­Խա­ղե­րը ի­րա­կա­նաց­նել Ար­ցա­խի մէջ: ­Գոր­ծա­դիր ­Կո­մի­տէի նիս­տի ըն­թաց­քին այս ա­ռա­ջար­կը ը­րած է Հ.Խ.Հ.Կ. նա­

խա­գահ Իշ­խան ­Զա­քա­րեան: Ա­ռա­ջար­կը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ ըն­դու­նած են ­Գոր­ծա­դիր ­Կո­մի­տէի բո­լոր ան­դամ­նե­րը:

«­Սա պատ­մա­կան ո­րո­շում պի­տի ըլ­լայ` մեր գա­ղա­փար­նե­րու ի­րա­գործ­ման ան­կիւ­նա­քա­րը: Այս ո­րո­շու­մը ի­րա­պէս կ’ար­տա­ցո­լէ մեր նպա­տա­կը` «­Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Ս­փիւռք» ե­ռա­միաս­նու­թիւ­նը»,- նշած է Իշ­խան ­Զա­քա­րեան՝ ըստ sport.news.amի:

­Հա­մա­հայ­կա­կան 7րդ­ ա­մառ­նա­յին ­Խա­ղե­րը Ար­ցա­խի մէջ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հար­ցը դրո­ւած է քո­ւէար­կու­թեան եւ ըն­դու­նո­ւած միա­ձայ­նու­թեամբ: Հ.Խ.Հ.Կ. ­Գոր­ծա­դիր ­Կո­մի­տէն ո­րո­շում ըն­դու­նած է նաեւ Հ.Խ.Հ.Կ. Գլ­խա­ւոր հա­ւա­քը կազ­մա­կեր­պելու Ար­ցա­խի մէջ` 2017թո­ւա­կա­նի ­Սեպ­տեմ­բեր 3ին: ­Հա­մա­հայ­կա­կան 2րդ ձ­մեռ­նա­յին ­Խա­ղե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան 2018 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւա­րին ­Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ: