Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յու­նաս­տա­նի «Է­ֆի­մե­րի­տա թոն ­Սին­տաք­թոն» հե­ղի­նա­կա­ւոր լրա­գի­րը, ե­րեք շա­բա­թա­վեր­ջե­րու իր յա­ջոր­դա­կան թի­ւե­րով, լայն ու բազ­մա­բո­վան­դակ անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րած է Ար­ցա­խի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած յար­ձա­կու­մին մա­սին, տեղ տա­լով պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ ան­հատ­նե­րու կա­րե­ւոր վկա­յու­թիւն­նե­րու։

 

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ յու­նա­կան թեր­թին թղթա­կի­ցը՝ ­Նի­քո­լաս ­Զիր­ղա­նոս, գոր­ծու­ղո­ւած ըլ­լա­լով Ար­ցախ, այ­ցե­լեց ­Թա­լիշ ու ­Մա­տա­ղիս եւ ­Մար­տա­կերտ, ներ­կայ ե­ղաւ ­Մա­յիս 9ի յաղ­թա­կան ո­գե­կո­չում­նե­րուն եւ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի յու­շա­հա­մա­լի­րի տօ­նա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն, ­Շու­շիի մէջ մա­տու­ցո­ւած ­Պա­տա­րա­գին, տեղ­ւոյն վրայ պատ­րաս­տեց իր թղթակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ վա­ւե­րագ­րա­կան ու զգա­յա­ցունց նկա­րագ­րում­ներ հրա­պա­րա­կեց։

Ա­ռա­ջին նիւ­թը կը վե­րա­բե­րէր ԼՂՀ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Կա­րէն ­Միր­զո­յեա­նի հետ իր ու­նե­ցած հե­տաքրք­րա­կան հար­ցազ­րոյ­ցին, որ լայն ար­ձա­գանգ գտաւ նաեւ հա­մա­ցան­ցի ե­լեկտ­րո­նա­յին մի­ջոց­նե­րու մէջ։

Երկ­րորդ նիւ­թը՝ «­Մոռ­ցո­ւած պա­տե­րազմ մը դար­ձեալ կը բռնկի» խո­րա­գի­րով, Աղ­տա­մի, ­Թա­լի­շի, ­Մար­տա­կեր­տի ու ­Մա­տա­ղի­սի մէջ իր շրջա­գա­յու­թիւն­ներն էին եւ տեղ­ւոյն վրայ կա­տա­րո­ւած հան­դի­պում­ներն ու զրոյց­նե­րը։ ­Տեղ տրա­մադ­րո­ւած էր ­Մար­տա­կեր­տի ղե­կա­վար, Լ.Ղ.Հ. կրթու­թեան նախ­կին նա­խա­րար Վ­լա­տիկ ­Խա­չատ­րեա­նի հետ հան­դիպ­ման եւ ա­նոր հա­ղոր­դած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն։

Եր­րորդ եւ վեր­ջին նիւ­թը՝ «Ա­զե­րի­ներ եւ հա­յեր՝ խա­ղա­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին շուրջ» խո­րա­գի­րով, կ­՚ընդգր­կէր Լ.Ղ.Հ. Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Ղու­լեա­նի հետ հար­ցազ­րոյ­ցը, Լ.Ղ.Հ. մշա­կոյ­թի նա­խա­րար ­Նա­րի­նէ Ա­ղա­պա­լեա­նի, խորհր­դա­րա­նա­կան եւ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի նախ­կին տնօ­րէ­նու­հի ­Լիւտ­մի­լա ­Բար­սե­ղեա­նի ու Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ ­Մար­գա­րեա­նի հետ հար­ցազ­րոյց­նե­րը։

­Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի նկա­րագ­րա­կան­նե­րու կող­քին, յոյն թղթա­կի­ցը հիաց­մուն­քով կ­՚ար­տա­յայ­տո­ւէր Ար­ցա­խի գե­ղե­ցիկ բնու­թեան ու ժո­ղո­վուր­դի ա­ռօ­րեայ զբա­ղում­նե­րուն, զի­նո­ւոր­նե­րու զգա­ցում­նե­րուն մա­սին, ու գո­վա­սան­քով կը նշէր հե­րո­սա­կան ի­րենց կե­ցո­ւած­քը։ ­Նի­քո­լաս ­Զիր­ղա­նոս փոր­ձա­ռու թղթա­կից է եւ եր­կա­րա­մեայ գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նի յու­նա­կան մա­մու­լի հե­ղի­նա­կա­ւոր ու ազ­դե­ցիկ թեր­թե­րու եւ ե­լեկտ­րո­նա­յին մի­ջոց­նե­րու մէջ։