Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ներկայ գտնուած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած հերոսներուն նուիրուած յուշակոթողի բացման արարողութեան:Այն Թաթուլ Կրպէյեանի անուան զբօսայգիին մէջ տեղադրուած
է Հայաստանի Պետական Տնտեսագիտական Համալսարանի ուսանողական խորհուրդի եւ Հայաստանի Երիտասարդական Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ: Յուշակոթողի հեղինակն է քանդակագործ Վարդան Յարութիւնեան:Հ.Հ. կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ` վարչապետ Աբրահամեան ծաղիկներ զետեղած է յուշակոթողին եւ արցախեան հերոսամարտին զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն` յարգանքի տուրք մատուցելով անոնց յիշատակին: