«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ Մայիս 30ին պատուիրակութիւնը պաշտօնապէս բացումը կատարած է Իւանեան համայնքի (Ասկերանի շրջան) նորակառոյց մանկապարտէզին:
Հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ եւ Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան համատնտեսաւորմամբ կեանքի կոչուած կրթօճախը երկա՜ր սպասուած նուէր մըն էր 1450 բնակիչ ունեցող համայնքին համար, որ 1992թ.ի ազատագրումէն ի վեր մանկապարտէզի կարիք ունէր: Նորակառոյցը՝ գունեղ ու գրաւիչ յարդարանքով, ժամանակակից յարմարութիւններով, կեդրոնացուած ջեռուցմամբ, բարեկարգ բակով, խաղահրապարակով, կրթութեան եւ խնամքի համար վայելուչ պայմաններ կ’ապահովէ աւելի քան 60 երեխայի համար:
Բացման արարողութեան յաջորդած է պատուիրակութեան այցելութիւնը մանկապարտէզի հարեւանութեամբ կառուցուող համայնքային կեդրոն, որ նոյնպէս թորոնթոհայերուն նուէրն է արցախցիներուն:
Մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ պատուիրակութիւնը այցելած է թիւ 9 միջնակարգ դպրոցը, որ կը վերակառուցուի Հիմնադրամի Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Շրջանի տեղական մարմինի բարերար Ճերալտ Թուրփանջեանի հովանաւորութեամբ եւ Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան համատնտեսաւորմամբ: Կրթօճախը, ուր կ’ուսանի 385 աշակերտ, կ’ապահովէ հանրակրթական, ներառական, ինչպէս նաեւ խօսքի ու լսողական խանգարումներ ունեցողներու համար յատուկ կրթութիւն:
53 սան ալ նախադպրոցական կրթութիւն կը ստանայ հոն: Ստեփանակերտի մէջ պատուիրակութիւնը ծանօթացած է նաեւ ուռուցքաբանական կեդրոնի լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներուն: Ֆրանսայի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ եւ Լ.Ղ.Հ.կառավարութեան համատնտեսաւորմամբ կառուցուող կեդրոնը իր տեխնիկական յագեցուածութեամբ հնարաւորութիւն կու տայ իրականացնելու ոլորտի բուժական եւ ախտորոշիչ արդիական միջամտութիւններ:
Մայիս 31ին, արցախեան այցելութիւններու աւարտին, պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է Շուշիի Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանին կողմէ, որու յարկի տակ արդէն մէկ տարի է կ’ուսանին Արցախի տարբեր շրջաններէն եկած պատանիներ:
Արցախի մէջ շինարարական արհեստներու միակ մասնագիտական այս կրթօճախը կառուցուած է Ֆրանսայի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ (Եզնիկ Մոզեանի կտակով)՝ օգտագործելով Ֆրանսայի նմանատիպ հաստատութիւններու օրինակը: Ուսումնարանը նախատեսուած է 450 ուսանողի համար, որոնք եռամեայ հանրակրթական ու մասնագիտական կրթութիւն ստանալէ ետք կը լրացնեն Արցախի մէջ որակեալ շինարարներու պահանջարկը: Ծրագիրը համատնտեսաւորած է Լ.Ղ.Հ. կառավարութիւնը: