Հ.Հ. Ազգային Ժողովին մէջ քննարկուած է տնտեսական ոլորտի 2015ի պիւտճէի կատարողականը: Հիմնական զեկուցողին՝ տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանին հարց ուղղած է Ա.Ժ. Հանրապետական Կուսակցութեան խմբակցութեան
պատգամաւոր Խոսրով Յարութիւնեան` ներդրումային միջավայրի վերաբերեալ, ըսելով, որ եթէ իրականացած է լուրջ վերլուծութիւն ներդրումային միջավայրին վերաբերեալ, ուստի ի՞նչ համեմատութիւններ կան այլ երկիրներու հետ, ի՞նչ առաւելութիւններ ունինք, որ կը գրաւէ ներդրողները: Պատգամաւորը հարց տուած է, արդեօ՞ք հարկային օրէնսգիրքը համահունչ է ներդրումային հայեցակարգին:
Ըստ պատգամաւորին՝ հարկային նոր օրէնսգիրքը կը հետապնդէ ֆիսքալ (ելեւմտական) նպատակներ եւ հոն չկան խթանող դրոյթներ հարկման վերաբերեալ, որոնք կրնային ներգրաւել ներդրողները:
Նախարարին խօսքով` ներդրումային ոլորտին մէջ լուրջ աշխատանքներ տարուած են քարտէզագրման բնագաւառէն ներս, մշակուած են որոշ հայեցակարգային մօտեցումներ:
Հիմնականը այն է, որ օտարերկրեայ ներդրումներու պաշտպանութեան նոր համակարգ պէտք է մշակուի ու ներդրուի: Ներդրումային քաղաքաղականութեան ոլորտին մէջ պէտք է հիմնովին վերանայուի մինչ այժմ կիրառուող մօտեցումները, ինչպէս նաեւ առանձին միջազգային կառոյցներու կողմէ ցուցաբերուող մօտեցումները:
«Մենք պէտք է ներդրումների պաշտպանութեան մասով արդիւնաւէտ համակարգ ունենանք, որ թէ՛ տեղական, թէ՛ օտարերկեայ ներդրողները ունենան բացարձակ պաշտպանութիւն: Հակառակ դէպքում մենք ստիպուած պէտք է լինենք պայքարելու նրա դէմ, որ տեղական ներդրողները գնան այլ երկրում ներդրում կատարեն, որ այնտեղ համարուեն օտարերկրեայ ներդրող ու պաշտպանուեն, մինչդեռ մենք պէտք է մեր երկրում ստեղծենք այդպիսի պաշտպանական համակարգ»,- ըսած է ան