Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Քարոլին Շմաւոնեան վերջերս մասնակցած է Հ.Հ. սփիւռքի նախարարի եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տեղական մարմիններու անդամներու հանդիպման: «Հա
յերն Այսօր»ին հետ զրոյցին՝ տիկին Շմաւոնեան ներկայացուցած է վերջին տարիներուն սուրիահայերուն ցուցաբերուած օգնութիւններու ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ Արցախին օգնելու համար կազմակերպուած ձեռնարկներն ու ատոնց արդիւնքները:
«Հ.Օ.Մ.ի ջանքերով՝ Սուրիոյ մէջ 50.000է աւելի հայերու օգնութիւն կը տրամադրուի, վերջերս ալ Հայաստանի մէջ Նոր տարուան նախօրէին 100 ընտանիքներու նուէրներ բաժնուեցան: Բայց ապրիլեան օրերուն առաջնահերթութիւնը, ի հարկէ, Արցախն էր: Հ.Օ.Մ.ը առաջիններէն էր, որ 50.000 տոլար փոխանցեց Արցախի կառավարութեան: Եւ պիտի շարունակենք այս ծրագիրներն այնքան, որքան Հայրենիքն ու Արցախը մեր կարիքը ունին»,- ըսաւ Քարոլին Շմաւոնեան:
Հ.Օ.Մ.ի ծրագիրները շատ են, սակայն ինչպէս նշեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Քարոլին Շմաւոնեան, վերջին տարիներուն Ստեփանակերտի Սօսէ մանկապարտէզի վերականգնումը ամենակարեւոր ծրագիրներէն մէկն է, որուն աշխատանքները կ’աւարտին 2017 թուականին: