«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ խորհրդարանի` Պունտեսթակի փոխ-նախագահ Էտելկարտ Պուլմահն, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, յայտարարած է, որ Պունտեսթակի կողմէ 2 Յունի
սին քննարկուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը կարեւոր է դաժան ոճրագործութեան վերաբերեալ յիշողութիւնը վառ պահելու համար:
«Այս բանաձեւին մէջ նախ եւ առաջ պիտի դատապարտուին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի եւ այլ ազգերու դէմ կատարուած տեղահանումները, ջարդերն ու բռնութիւնները: Մենք կը կարծենք, որ նախ եւ առաջ կարեւոր է այդ յիշողութիւնը վառ պահելու հարցը: Ուստի՝ այս բանաձեւին մէջ պիտի յիշատակենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը, բացի ատկէ՝ պիտի դատապարտենք այն տխրահռչակ դերը, զոր ունեցած է Գերմանիան, այն ժամանակ ըլլալով Թուրքիոյ դաշնակիցը եւ չկանխարգիլելով ոճրագործութիւնը»,- ըսած է Պունտեսթակի փոխ-նախագահը:
Խօսելով իր երկրին ու ժողովուրդին Ողջակիզման ճանաչման հետ կապուած փորձառութեան մասին` ան նկատել տուած է, որ պատասխանատուութեան ստանձնումը կը նշանակէ զայն սերունդներուն փոխանցելու պարտաւորութիւն: «Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ կ՛աւելնայ թիւը այն մարդոց, որոնք համարձակօրէն կ՛առերեսուին իրենց պատմութեան հետ եւ քննադատական մօտեցում կը ցուցաբերեն այն ժամանակուան կառավարութեան արարքներուն նկատմամբ»,- ըսած է Պուլմահն:
Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխ-նախագահը աւելցուցած է, որ իրենք կ՛ուզեն պատասխանատուութիւն ստանձնել հայ եւ թուրք հասարակութեանց յարաբերութիւնները սերտացնելու, անոնց միջեւ երկխօսութեան եզրեր գտնելու իմաստով, որպէսզի միասնաբար առերեսուին իրենց պատմութեան հետ: Նշենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխ-նախագահը 24 Մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Էդուարդ Շարմազանովի ընկերակցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցանելու Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: