Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Վե­րա­կա­ռուց­ման եւ ­Զար­գաց­ման Եւ­րո­պա­կան Դ­րա­մա­տու­նը պի­տի ֆի­նան­սա­ւո­րէ ­Հա­յաս­տա­նի երկ­րորդ մե­ծա­գոյն քա­ղա­քի՝ ­Գիւմ­րիի փո­ղոց­նե­րու վե­րա­կա­ռուց­ման ծրա­գի­րը՝ տրա­մադ­րե­լով 14,6 մի­լիոն եւ­րօ ար­ժո­ղու­թեամբ վարկ, որ պի­տի յատ­կա­ցո­ւի հիմ­նա­կան փո­ղոց­ նե­րու վե­րա­կա­ռուց­ման եւ փո­ղո­ցա­յին լու­սա­ւո­րու­թեան ար­դիա­կա­նաց­ման:

­Վար­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը 11 ­Մա­յի­սին կնքո­ւած է ­Լոն­տո­նի մէջ կա­յա­ցած դրա­մա­տան տա­րե­կան ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին՝ ­Հա­յաս­տա­նի փոխ-վար­չա­պետ ­Վա­չէ ­Գաբ­րիէ­լեա­նի եւ Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի եւ ­Կով­կա­սի գծով դրա­մա­տան տնօ­րէն Ֆ­րան­սիս ­Մա­լի­ժի կող­մէ:

­Փո­ղոց­նե­րու վե­րա­կա­ռուց­ման ծրա­գի­րը պի­տի նե­րա­ռէ նոր կուպ­րա­պատ մայ­թեր, կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւած են­թա­կա­ռուցուածք, հե­տիոտն ան­ցորդ­նե­րու հա­մար բա­րե­լա­ւո­ւած յար­մա­րու­թիւն­ներ եւ ընդ­հա­նուր ճամ­բա­նե­րու անվ­տան­գու­թեան բա­րե­լա­ւում:

­Փո­ղո­ցա­յին լու­սա­ւո­րու­թեան ար­դիա­կա­նա­ցու­մը պի­տի նե­րա­ռէ նոր՝ ու­ժա­նիւթ խնա­յող լու­սա­ւո­րու­թիւն, վե­րահս­կո­ղու­թեան եւ դի­տարկ­ման հա­մա­կարգ, սիւ­նե­րու փո­խա­րի­նում եւ վե­րա­նո­րո­գում, ինչ­պէս նաեւ՝ սնուց­ման ստոր­գետ­նեայ հա­մա­կար­գի փո­խա­րի­նում:

«­Սա կը կրճա­տի ե­լեկտ­րաէ­ներ­գիա­յի սպա­ռու­մը եւ նո­ւա­զա­գոյ­նի կը հասց­նի շա­հա­գործ­ման եւ տեխ-սպա­սարկ­ման ծախ­սե­րը, ո­րի ար­դիւն­քում կը բարձ­րա­նայ սպա­սարկ­ման ո­րա­կը եւ կը բա­րե­լա­ւո­ւի բնա­պահ­պա­նա­կան չա­փա­նիշ­նե­րին հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թիւ­նը:

Ակն­կալ­ւում է, որ լու­սա­դիո­դա­յին նոր լու­սա­ւո­րու­թիւ­նը զգա­լիօ­րէն կը կրճա­տի ե­լեկտ­րաէ­ներ­գիա­յի սպառ­ման ծախ­սե­րը եւ կը յան­գեց­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հա­մար ե­լեկտ­րաէ­ներ­գիա­յի տա­րե­կան ծախ­սե­րի խնա­յո­ղու­թեա­նը»,- նշո­ւած է այս ա­ռի­թով հրա­պա­րա­կո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:

«Այս կա­րե­ւոր ծրա­գի­րը մե­ծա­պէս պի­տի բա­րե­լա­ւէ ­Գիւմ­րիի բնա­կիչ­նե­րու անվ­տան­գու­թիւնն ու կեան­քի ո­րա­կը: Ա­սի­կա նաեւ մաս­նա­ւոր հա­տուա­ծի ներգ­րաւ­ման մի­ջո­ցով են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու ո­րա­կի բարձ­րաց­ման հիա­նա­լի օ­րի­նակ է»,- ը­սած է ­Վե­րա­կա­ռուց­ման եւ ­Զար­գաց­ման Եւ­րո­պա­կան Դ­րա­մա­տան հա­յաս­տա­նեան գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար ­Մարք ­Տէյ­վիս: