Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԱր­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի պայ­մա­նագ­րա­յին զի­նո­ւոր, ա­ւագ հե­տա­խոյզ-ար­ձա­կա­զէն, շար­քա­յին Իւ­րի­դա ­Գաբ­րիէ­լեան ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն դի­պուկ կրա­կոց­նե­րով ոչն­չա­ցու­ցած է հա­կա­ռա­կոր­դի կեն­դա­նի ու­ժը, յա­տուկ նշա­նա­կէտ­նե­րը եւ հա­կա­ռա­կոր­դի գնդաց­րոր­դը:

 

­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն «­Նիուզ»ին յայտ­նած են, որ 23ա­մեայ Իւ­րի­դա ­Գաբ­րիէ­լեան մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին այդ­պի­սով ա­պա­հո­ված է խում­բի մար­տա­կան խնդիր­նե­րու կա­տա­րու­մը: Այս բո­լո­րի լոյ­սին տակ Իւ­րի­դա ­Գաբ­րիէ­լեա­նը պար­գե­ւատ­րուած է «Ա­րիու­թեան հա­մար» շքան­շա­նով: