Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt11 ­Մա­յի­սին, Ե­րե­ւա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ գտնո­ւող «­Հայ­փոստ»ի բա­ժան­մուն­քին դի­մա­ցէն, ըն­թացք ա­ռաւ «Ես ­Կա­րօն եմ» նշա­նա­բա­նով երթ դէ­պի Մ.Ա.Կ.ի ե­րե­ւա­նեան գրա­սե­նեակ՝ ի պաշտ­պա­նու­թիւն ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի հայ պատ­գա­մա­ւոր ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նի:

Եր­թին մաս­նա­կից­նե­րը բարձ­րա­ցու­ցած էին պաս­տառ­ներ՝ «Ես ­Կա­րօ ­Փայ­լանն եմ», «Իւ­րա­քան­չիւր հայ սի­րում եւ ա­ջակ­ցում է քեզ, ­Կա­րօ», «Stop fascism» գրու­թիւն­նե­րով:

Եր­թի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն ­Մարկ ­Յով­հան­նի­սեան նշեց, որ ի­րենց հիմ­նա­կան նպա­տակն է բարձ­րա­ձայ­նել, չլռել, ո­րով­հե­տեւ յա­ճախ նման պա­րա­գա­նե­րու բո­լո­րը կը լռեն:

«­Մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րից մեծ ակն­կա­լիք­ներ չու­նենք: ­Ծայ­րա­յե­ղա­կան թուր­քե­րի կող­մից հնչել են յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, թէ ­Կա­րո­յին պէտք է ար­ժա­նաց­նել ­Տին­քի ճա­կա­տագ­րին, բայց մենք չպէտք է թող­նենք, որ դա տե­ղի ու­նե­նայ:

­Մենք հա­րիւր տա­րի ա­ռա­ջո­ւայ հա­յե­րը չենք, փո­խո­ւել ենք: ­Մենք ինք­ներս պէտք է մեր հար­ցե­րը լու­ծենք»,- ը­սաւ ան: ­Մարկ ­Յով­հան­նի­սեան դի­տել տո­ւաւ, որ քայ­լար­շաւ-ցոյ­ցը կազ­մա­կեր­պո­ւած է հայ­րե­նա­սի­րա­կան մղում­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նի նկատ­մամբ հո­գա­տա­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու մի­տու­մով։

«­Նաեւ պա­տո­ւի հարց է. ­Կա­րօ մեր շա­հերն է այն­տեղ պաշտ­պա­նում, մենք էլ այս­տեղ պէտք է իր թի­կուն­քին լի­նենք, նա պէտք է զգայ, որ իր հայ­րե­նա­կից­ներն իր հետ են ու մին­չեւ վերջ կը լի­նեն: ­Մեծ բան է, որ նա կա­րո­ղա­նում է ­Թուր­քիա­յի պէս երկ­րում բարձ­րա­ձայ­նել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, հա­յե­րի ի­րա­ւունք­նե­րի ու հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րի մա­սին»,- շեշ­տեց ան։

Մ. ­Յով­հան­նի­սեան տե­ղե­կա­ցուց, որ Մ.Ա.Կ.ին ուղ­ղո­ւած նա­մա­կին մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցած են ի­րենց պա­հան­ջը մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան՝ հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու եւ ստի­պե­լու ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նի կեան­քին անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու, քա­նի որ ար­դէն ակն­յայտ սպառ­նա­լիք­ներ կը հնչեն ա­նոր հաս­ցէին:

«Ու­զում են ար­ժա­նաց­նել Հ­րանդ ­Տին­քի ճա­կա­տագ­րին, մենք պէտք է ձայն բարձ­րաց­նենք, որ ողջ աշ­խար­հը ի­մա­նայ՝ ի՛նչ է կա­տար­ւում ­Թուր­քիա­յում»,- հաս­տա­տեց կազ­մա­կեր­պի­չը՝ ա­ւելց­նե­լով, որ Մ.Ա.Կ. պէտք է հա­ւա­տա­րիմ մնայ իր ա­ռա­քե­լու­թեան: