Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի մէջ կայացած «Մանկական Եւրոտեսիլ 2011» եւրոպական երգի մրցոյթին յաղթեց Վրաստան, զոր կը ներկայացնէր 5 հոգիէ բաղկացած Քենտի խումբը՝ «Քենտի միուզիք» երգով:

Վրաստան առաջին հորիզոնականը գրաւեց 108 միաւորով, երկրորդ տեղը գրաւեց  Հոլլանտա՝  103 միաւորով, երրորդ տեղը՝  Պելառուս՝  98 միաւորով: Հայաստան, զոր կը ներկայացնէր Տալիթա Աւանեսեան՝ «Բարի գալուստ Հայաստան» երգով, գրաւեց 5րդ տեղը:
«Մանկական Եւրոտեսիլ» ամենամեայ երգի մրցոյթին այս տարի կը մասնակցէին 13 երկիրներ։ Քուարկութեան արդիւնքներուն ուշագրաւ էր Հայաստանի տուած միաւորներու բաշխումը: Մեր երկիրը 10 միաւոր տուաւ Ռուսաստանի, 12 միաւոր՝ Վրաստանի ներկայացուցիչներուն: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին տրուած միաւորներուն, ապա  ամենաբարձր միաւորները տուին Ուքրանիան եւ Վրաստանը՝ 10ական միաւոր, ապա Ռուսաստանն ու Շուէտը՝ 8ական միաւոր, 7ական միաւորներ՝ Մոլտովան եւ Սքոփիան: Ի դէպ, քուէարկութիւնը սկսաւ մրցոյթի աւարտէն ետք: Քուէարկութիւնը 50/50 տոկոս յարաբերակցութեամբ՝ մասնագիտական դատական կազմի եւ հեռուստադիտողներու քուէրակութեամբ: Հայկական դատական կազմը կը գլխաւորէր Արմէն Ամիրեանը: «Մանկական Եւրոտեսիլ 2011» մրցոյթը անցաւ շքեղ լուսային խաղերով: Հանդիսութիւնը, զոր կը վարէին Գոհար Գասպարեան ու Աւետ Բարսեղեանը, սկսաւ խորհրդանշական գործողութեամբ, նաւէն ելած աղջիկն ու տղան բեմին մօտեցուցին Մասիսն ու Սիսը պատկերող արձանիկը: Հաղորդավարները յիշեցուցին, որ 2793 տարեկան մայրաքաղաքի մէջ ցուցադրութիւնը պատշաճ կազմակերպելու համար Հանրային հեռուստաընկերութիւնը աշխատած է շուէտական եւ արտասահմանեան կարգ մը ընկերութիւններու հետ: Բեմի վրայ Հայաստանը խորհրդանշող «լեռներ» էին, բեմի առջեւի մասին՝ «Սեւանը»:
«Մանկական Եւրոտեսիլ 2012»-ը պիտի կայանայ Հոլլանտայի  մէջ: