Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 Մայիսին ընդունած է Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը:
Նախագահ Սարգսեան ներկայացուցած է իր տեսակէտը՝ Ատրպէյճանի ապակառուցողական եւ ռազմատենչ կեցուածքին հետեւանքով իրավիճակի լարման եւ բանակցային հոլովոյթը խոչընդոտելու այդ երկրի դրդապատճառներուն մասին:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ապրիլեան իրադարձութեանց ընթացքին գործադրուած ռազմական յանցագործութեանց փաստերուն` նախագահը ընդգծած է նման անթոյլատրելի եւ դատապարտելի երեaւոյթներուն միջազգային հանրութեան եւ մասնագիտական կառոյցներուն կողմէ համարժէք արձագանգելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին նշուած է զինադադարի խախտման դէպքերու հետաքննութեան մեքենականութեան ներդրման եւ վստահութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններու դիմելու անհրաժեշտութիւնը: Կողմերը երկուստեք ընդգծած են, որ տագնապի խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի:
Հանդիպում՝ նախարար Միրզոյեանի հետ
10 Մայիսին, աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան իր կարգին հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերի հետ:
Կարէն Միրզոյեան տեղեկութիւններ փոխանցած է Ապրիլի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական յարձակումին եւ անոր հետեւանքներուն մասին` ընդգծելով, որ ասիկա 1994ի զինադադարի դրութեան եռակողմ համաձայնագիրի աննախընթաց խախտում էր: Ան նշած է, որ` ձգտելով տապալել բանակցային հոլովոյթը եւ մերժելով իրավիճակի կայունացման վերաբերող բոլոր նախաձեռնութիւնները, Ատրպէյճան փորձած է ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապը լուծել ռազմական ուղիով:
Նախարարը Հերպըրթ Զալպերի ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի կատարած յարձակումին զուգահեռ այդ երկրի բանակը գործած է պատերազմական բազմաթիւ յանցագործութիւններ, պատերազմի օրէնքներու եւ սովորութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եզրերու կոպիտ խախտումներ:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է, որ իրենք բազմիցս նախազգուշացուցած են միջազգային հանրութիւնը, որ վճռական եւ հասցէական քննադատութեան բացակայութիւնը Պաքուի մօտ պիտի ստեղծէ ամենաթողութեան զգացում եւ ճամբայ հարթէ նորանոր արկածախնդրութիւններու: Ան ընդգծած է դիւանագէտներու եւ միջազգային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու Արցախ այցելութեան կարեւորութիւնը` ստեղծուած իրավիճակին մասին առարկայական պատկերացում կազմելու եւ ատրպէյճանական յարձակումին պատճառներուն ու հետեւանքներուն մասին բազմակողմանի տեղեկատուութիւն ստանալու համար:
Կողմերը անդրադարձած են իրավիճակի ապակայունացման հետագայ փորձերը բացառելու եւ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերսկսելու ջանքերուն կարեւորութեան:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու շուրջ: