Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt9 ­Մա­յի­սին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նիս­տե­րու դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բե­րու եւ Գ­րա­սե­նեակ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վի երկ­րորդ նիս­տը, զոր վա­րեց Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­

կա­յա­ցու­ցիչ, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան:

­Նիս­տին սկիզ­բը ներ­կա­նե­րը մէկ վայր­կեան յոտն­կայս լռու­թեամբ յար­գե­ցին ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը:
Ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րը` ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան նշեց, որ, ինչ­պէս 25 տա­րի ա­ռաջ, այն­պէս ալ ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մին յա­ջոր­դող այս օ­րե­րուն, հա­յու­թեան նե­րու­ժը կեդ­րո­նա­ցաւ Ար­ցա­խին մէջ` ծա­ռա­յե­լով Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին բո­վան­դակ շա­հե­րուն:

«Այս օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսած ­Հայ ­Դա­տի կեդ­րո­նա­կան եւ շրջա­նա­յին գրա­սե­նեակ­նե­րու եւ յանձ­նա­խում­բե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վին հիմ­նա­կան մա­սը Ար­ցա­խի մէջ կա­տա­րե­լը իր մէջ կ­՛ամ­փո­փէ մեծ պատ­գամ:

Ինչ­պէս եւ նա­խորդ տաս­նա­մեակ­նե­րուն, այ­սօր եւս մենք այս­տեղ ենք միա­սին ու միաս­նա­կան, հա­մո­զո­ւած ու հաս­տա­տա­կամ՝ մեր գա­ղա­փար­նե­րուն եւ ծրա­գիր­նե­րուն, պատ­րաս­տա­կամ` դի­մագ­րա­ւե­լու ա­մէն տե­սա­կի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը»,- ը­սաւ ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան` ա­ւելց­նե­լով.- «­Մեր գի­տակ­ցու­մը այն է, որ ­Հայ ­Դա­տի ուղ­ղու­թեամբ տարուող աշ­խա­տանք­նե­րուն յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու բա­նա­լին կը գտնուի Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րուն մէջ եւ ամ­փո­փո­ւած է հայ զի­նո­ւո­րի ո­գիին մէջ»:

Ան շնոր­հա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը` կա­րե­ւոր ու պար­տա­ւո­րեց­նող ե­ռա­տօ­նին ա­ռի­թով եւ վստա­հու­թիւն յայտ­նեց այն մա­սին, որ աս­կէ ետք եւս յաղ­թա­նակ­նե­րը պի­տի ըլ­լան հայ ժո­ղո­վուր­դին ըն­կե­րա­կից­նե­րը:

Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ ­Յա­կոբ ­Տէր-­Խա­չա­տու­րեան, ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րը, նշեց, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար հպար­տու­թիւն է այս խորհրդա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պու­մը Ար­ցա­խի մէջ:
«­Մենք` իբ­րեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի երկ­րորդ բա­նակ, ­Հայ ­Դա­տի բա­նակ, քա­ղա­քա­կան գոր­ծե­րու մէջ մեր պայ­քա­րը տա­նող բա­նակ, պէտք է գա­յինք այս­տեղ եւ մեր ա­ջակ­ցու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նէինք Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին: Ա­սի­կա նո­ւա­զա­գոյնն է, որ կրնանք ը­նել եւ պէտք է ա­ռա­ւել մեծ թա­փով շա­րու­նա­կենք մեր աշ­խա­տանք­նե­րը:

«­Հայ դա­տի աշ­խա­տան­քը կա­րե­լի է ամ­փո­փել չորս կէ­տե­րու մէջ. ա­ռա­ջին կէ­տը Ար­ցա­խի առն­չո­ւող մեր կա­տա­րած աշ­խա­տանք­ներն են` աշ­խար­հով մէկ, ըլ­լայ ա­տի­կա ազ­գա­յին ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի շեշ­տադ­րում, ըլ­լայ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­կան եւ առ­հա­սա­րակ հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թեան դէմ պայ­քար: Այս ուղ­ղու­թեամբ մեր աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւե­լի մեծ թափ ստա­ցան մա­նա­ւանդ քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք, ո­րով­հե­տեւ անհ­րա­ժեշտ էր մէկ բռունց­քի մէջ հա­ւա­քո­ւիլ: ­Հայ ­Դա­տը` իբ­րեւ Ար­ցա­խի թի­կունք, քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով աս­կէ ետք եւս պի­տի շա­րու­նա­կէ պաշտ­պա­նել Ար­ցա­խը»,- հաս­տա­տեց ­Յա­կոբ ­Տէր-­Խա­չա­տու­րեան:

«Երկ­րորդ ուղ­ղու­թիւ­նը, զոր որ­դեգ­րած են Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի Գ­րա­սե­նեակ­նե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թեան բարձ­րա­ցումն է եւ պաշտ­պա­նու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու մէջ: Եր­րոր­դը՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հո­լո­վոյ­թի շա­րու­նա­կու­թիւնն է, որ ար­դէն բա­ւա­կան եր­կար ճամ­բայ կտրած է եւ մա­նա­ւանդ` բա­ցու­մը նոր է­ջի, որ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան էջն է: ­Հայ ­Դա­տի վեր­ջին` չոր­րորդ խնդի­րը, մեր քա­ղա­քա­կան ու­ժի բարձ­րա­ցումն է աշ­խար­հով մէկ, մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դին քա­ղա­քա­կա­նաց­ման խնդիրն է, մա­նա­ւանդ սփիւռ­քի մէջ»,- եզ­րա­փա­կեց ան:

­Ներ­կա­նե­րուն ուղ­ղո­ւած ող­ջոյ­նի խօսք ար­տա­սա­նեց ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Ղու­լեա­նը` կա­րե­ւոր նկա­տե­լով նման նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը կա­յա­ցու­մը Ար­ցա­խի մէջ:

­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Կա­րէն ­Միր­զո­յեան իր խօս­քին մէջ շեշ­տեց, որ Ար­ցա­խի հար­ցը ­Հայ ­Դա­տի բաղ­կա­ցու­ցիչ եւ կա­րե­ւո­րա­գոյն մասն է: «Ե­թէ մենք բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թին մէջ ու­նե­նա­յինք ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի լիար­ժէք կար­գա­վի­ճակ, այ­սօր թե­րեւս նման ի­րա­վի­ճա­կի մէջ չէինք յայտ­նո­ւեր եւ Ատր­պէյ­ճանն ալ նման յան­դուգն պա­հո­ւածք չէր դրսե­ւո­րեր:

Ա­ռանց ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի` բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թին իբ­րեւ լիար­ժէք կող­մի մաս­նակ­ցու­թեան հո­լո­վոյ­թի կա­յուն ու մնա­յուն կար­գա­ւո­րու­մը պար­զա­պէս ի­րա­տե­սա­կան չէ: ­Մեր աշ­խա­տանք­նե­րը պէտք է ուղ­ղո­ւած ըլ­լան ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման նպա­տա­կին, ինչ որ կ­՛ըլ­լայ անվ­տան­գու­թեան հզօր ե­րաշ­խիք ար­ցա­խա­հա­յու­թեան հա­մար»,- ը­սաւ ­Միր­զո­յեան: