Արդէն 24 տարի է, որ 9 Մայիսին հայ ժողովուրդը կը նշէ հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական դէպքի մը` Շուշիի ազատագրման եւ բանակի կազմաւորման օրը:
9 Մայիսին Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ Արցախի բարձրաստիճան ղեկավարութիւնն ու արցախցիները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանեցին զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին` ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղելով Համաշխարհային Բ. Պատերազմին ընթացքին զոհուածներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ եւ Արցախեան ազատամարտի նահատակներուն շիրիմներուն վրայ:
Արարողութեան ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Արցախ գտնուող Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Գրասենեակներու եւ շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ: