Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մայիս 6ին Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Արի տուն» եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի 2016 թուականի ծրագրերը համակարգող յանձնաժողովի եւ միջ-գերատեսչական աշխատանքային խումբի նիստը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: «Իմ Հայաստան»ի նպատակն է աջակցիլ Հայաստան-Սփիւռք, Սփիւռք-Սփիւռք

կապերի ամրապնդման եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւնների ընդլայնման, Սփիւռքում հայ մշակութային ինքնութեան պահպանմանն ու զարգացման, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի երիտասարդ ստեղծագործողների միջեւ մշակութային կապերի խորացման, նոր նախագծերի մշակման», - ընդգծեց գերատեսչութեան ղեկավարը:
Նախարարը կարեւոր նկատեց «Արի տուն» ծրագրի ծիրէն ներս բոլոր մասնակից գերատեսչութիւններու, տարածքային եւ մարզային կառոյցներու դերը անցած 7 տարիներու ընթացքին ծրագրի կայացման գործով.- «Յատուկ շնորհակալութիւն եմ յայտնում հիւրընկալ ընտանիքներին, ովքեր առանց պետութեան  նիւթական օժանդակութեան՝ սիրով եւ ջերմութեամբ հիւրընկալում են Սփիւռքից ժամանած մեր հայ պատանիներին եւ երիտասարդներին»,- նշեց ան: Այնուհետեւ 2016թ. իրականացուելիք երկու ծրագրերը ներկայացուց եւ «Արի տուն» 2015թ. ծրագրի ամփոփմամբ հանդէս եկաւ Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան:
Անդրադառնալով «Արի տուն» ծրագրին՝ ան եւս հաւաստիացուց, որ իրականացման յաջողութիւնը կախուած է կազմակերպիչներու ու գործընկերներու ներդաշնակ, համակարգուած գործողութիւններէն: «Արի տուն»ը կը նպաստէ Սփիւռքի մէջ  Հայաստանի պատանի դեսպաններու թիւի յաւելումին: «Նրանք նոր թափ ու լիցք են հաղորդում համայնքային կեանքին, Սփիւռքը աւելի են կապում Մայր Հայրենիքի հետ, նպաստում հայապահպանութեան»,- նշեց ան:
Ֆ. Զաքարեան ներկայացուց «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնի 5 ուղղութիւնները՝ «Պարարուեստի օրեր» (Յուլիս 20-30), Ասմունքի համահայկական փառատօն Շուշիի մէջ (Օգոստոս 1-5), «Երգչախմբային արուեստի օրեր» (Օգոստոս 5-10), «Դուդուկի եւ հայկական այլ նուագարանների փառատօն» (Սեպտեմբեր 21-26), «Հայ երգի օր» (Սեպտեմբեր 26):
Նշուեցաւ, որ փառատօնը տեղի կþունենայ երկու տարին մէկ անգամ: 2016թ. եւս փառատօնի ծիրէն ներս նախատեսուած են համերգներ Երեւանի մէջ, մարզերուն մէջ եւ Արցախի մէջ, պտոյտներ Հայաստանի տեսարժան վայրերը: Փառատօնին կը մասնակցին տարբեր համայնքներու պարախումբեր, երգչախումբեր, նուագախումբեր, համոյթներ եւ անհատ կատարողներ  Սփիւռքէն Արցախէն եւ Հայաստանէն:
«Իմ Հայաստան»ը կը մեկնարկէ  Յուլիս 22ին Ալեքսանդր  Սպենդիարեանի  անուան  օփերայի  եւ պալետի պետական ակադեմիական ազգային թատրոնին մէջ, պարարուեստի օրերով եւ կը տեւէ 10 օր: Փառատօնի  ծիրէն ներս Սեպտեմբերին ներառուած է նաեւ «100+1» համերգային  ծրագիրը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին: Խումբերը ելոյթ կþունենան տարբեր մարզերու մէջ՝ Շիրակի, Լոռիի, Արագածոտնի,  Արարատի,  Գեղարքունիքի, Արմաւիրի, Կոտայքի, Վայոց Ձորի, նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ: Նիստի աւարտին Հ.Հ. սփիւռքի նախարարը «Արի տուն» 2015թ. ծրագրի իրականացման մասնակցութեան համար հաւաստագրեր յանձնեց գերատեսչութիւններու, Երեւանի քաղաքապետարանի, մարզային եւ տարածքային մարմիններու ներկայացուցիչներուն՝ ըստ անուանակարգերու:  
Միջ-գերատեսչական նիստի մասնակիցներու համար ցուցադրուեցան «Արի տուն» ծրագրի եւ «Իմ Հայաստան» փառատօնի մասին պատմող տեսանիւթեր, որմէ ետք մասնակիցները հանդէս եկան ծրագրերու մասին իրենց առաջարկութիւններով, ինչպէս նաեւ հաւաստիացուցին, որ այս տարի եւս ամէն ինչ պիտի ընեն ծրագրերը պատշաճ եւ անվտանգ իրականացնելու համար: