Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան 6 ­Մա­յի­սին ըն­դու­նած է Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար ­Լո­ւիս Ա­յա­լան: ­Հան­դիպ­ման ներ­կայ ե­ղած է նաեւ Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի փոխ-նա­խա­գահ ­Մա­րիօ ­Նալ­բան­դեան եւ հա­

մաշ­խար­հա­յին այդ կա­ռոյ­ցի ան­դամ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան:

­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան ու ­Լո­ւիս Ա­յա­լա ջեր­մու­թեամբ յի­շած են, թէ շուրջ մէկ տա­րի ա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­ցած ի­րենց նա­խորդ հան­դի­պու­մին բաց եւ ան­կեղծ զրոյց կա­յա­ցած էր երկ­կողմ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող շարք մը նիւ­թե­րու շուրջ։

­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տած է Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ դի­տել տա­լով, որ ա­նի­կա աշ­խար­հով մէկ կը միա­ւո­րէ ըն­կեր­վա­րա­կան եւ ըն­կեր­վար-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան գա­ղա­փար­ներ դա­ւա­նող քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը, եւ ո­րուն հռչա­կած ար­ժէք­ներն ու քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րը՝ ա­զա­տու­թիւն, ար­դա­րու­թիւն, հա­մե­րաշ­խու­թիւն, ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի հա­մա­ձայն, շատ ար­դիա­կան են, եւ ցա­ւօք, ներ­կա­յիս աշ­խար­հի մէջ ա­նոնց պա­կա­սը կը զգա­ցո­ւի։

­Լո­ւիս Ա­յա­լա իր գլխա­ւո­րած կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­նու­նով մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած է այս Ապ­րի­լի սկիզ­բը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շփման գի­ծին մէջ զի­նա­դա­դա­րի խախտ­ման հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին առն­չու­թեամբ:

Ան ու­զած է գիտ­նալ նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի տե­սա­կէտ­նե­րը ի­րա­վի­ճա­կի լա­րո­ւա­ծու­թեան առն­չու­թեամբ՝ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­լով կազ­մա­կեր­պու­թեան կա­րե­լիու­թեան հա­մա­ձայն նպաս­տե­լու երկ­խօ­սու­թեան, յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման ճամ­բով հիմ­նախն­դի­րի խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով լուծ­ման:

­Լո­ւիս Ա­յա­լա ներ­կա­յա­ցու­ցած է այդ նպա­տա­կին ծա­ռա­յող ի­րենց յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րը՝ հա­մա­կար­ծիք ըլ­լա­լով ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին հետ, որ որ­քան բաց ու ան­կեղծ ըլ­լան հան­դի­պում­ներն ու քննար­կում­նե­րը եւ յստակ՝ ար­տա­յայ­տո­ւող դիր­քո­րո­շում­նե­րը, այն­քան օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լան գոր­ծին: Ըն­կեր­վար մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ խօ­սած է կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ Հ.Յ.Դ.ի մի­ջո­ցով ­Հա­յաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին, որ, ըստ ա­նոր, տա­րո­ւէ տա­րի կ­՚ամ­րապն­դո­ւի։

­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան կա­րե­ւոր նկա­տած է ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյն հար­ցե­րու մէջ մի­ջազ­գա­յին տար­բեր հար­թակ­նե­րու վրայ եւ կա­ռոյ­ցի ան­դամ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եր­կիր­նե­րուն մէջ Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի միշտ կա­ռու­ցո­ղա­կան դիր­քո­րո­շու­մը: Զ­րու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են նաեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի ի­րա­վի­ճա­կին, ­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծի ըն­թաց­քին։