Հ.Հ. Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Կորիւն Նահապետեան յայտնած է, որ այս օրերուն հայ-ատր
պէյճանական սահմանի Նախիջեւանի հատուածին մէջ հակառակորդը սպառազինութիւն կուտակած է։
«Բայց իրավիճակը վերահսկելի է: Ե՛ւ պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը, ե՛ւ զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբը ամբողջապէս տիրապետում են իրավիճակին: Մեր զօրախմբերը, զինուած ուժերի համապատասխան ստորաբաժանումներն ամբողջապէս պատրաստ են ցանկացած յարձակում դիմագրաւելու: Ուզում եմ վստահեցնել նաեւ հանրութեանը, որ մեր զինուած ուժերի մարտունակութեան մակարդակը շատ բարձր է, եւ բոլոր այն նոր մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները, որոնք կարող են առաջ գալ կոնկրէտ նաեւ ձեր նշած ուղղութեամբ, ուղղակի պէտք է հանգիստ լինենք, որովհետեւ իրապէս մենք վերահսկում ենք իրավիճակը կոնկրէտ համապատասխան տարածքում»,- ըսած է ան:
Անդրադառնալով երկու օր առաջ Ազգային ժողովին մէջ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ պատգամաւորներուն հանդիպման՝ Կորիւն Նահապետեան նշած է, որ անդրադարձ կատարուած է բազմաթիւ խնդիրներու, սակայն նկատի ունենալով անոր դռնփակ ըլլալը, կարելի չէ մանրամասնութիւններ փոխանցել։
«Թէպէտ ցաւով պէտք է արձանագրեմ, որ այդ դռնփակ հանդիպման առանձին նիւթեր հրապարակուել են, եւ այդ առումով ինձ համար ուղղակի անհասկանալի է մեր որոշ գործընկերների պահուածքը, երբ յայտարարւում է, որ քննարկումը փակ է, եւ առանձին գործընկերներ հրապարակել են որոշակի տեղեկութիւններ, որի իրաւունքը, բնականաբար, չունէին»,- նշած է ան։